Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Շուէտի Վարչապետին` Սթոքհոլմի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչական -
Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Շուէտի Վարչապետին` Սթոքհոլմի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչական Գործողութեան Առիթով
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լեովենին` Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:
«Շուէտի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Շուէտի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ: Հանրապետութեան Նախագահը այս շրջագիծին մէջ վերահաստատած է Հայաստանի համերաշխութիւնը միջազգային ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին, որուն թիրախ կը դառնան բազմաթիւ անմեղ մարդիկ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com