«Սթոքհոլմի Մէջ Կատարուած Վրայերթը Ահաբեկչական Արարք Է» Կ’ըսէ Շուէտի Վարչապետը -
«Սթոքհոլմի Մէջ Կատարուած Վրայերթը Ահաբեկչական Արարք Է» Կ’ըսէ Շուէտի Վարչապետը
Շուէտի պետական «Իքոթ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երեք անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ:
Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լոֆվեն յայտնեց. «Բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի գործողութիւնը ահաբեկչական արարք է»:
Շուէտական ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ առնուազն երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Սթոքհոլմի գնացքի կեդրոնական կայարանէն հեռանալու եւ մայրաքաղաքի կեդրոնը երթեւեկելէ զգուշանալու:
Շուէտական լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ քաղաքին մէջ բոլոր փապուղիները փակուած են:
Վրայերթը արձանագրուեցաւ Սթոքհոլմի մէջ ինքնաշարժներու մուտքը արգիլուած Տրոթնինկաթան փողոցի եւ գլխաւոր ճամբու մը քառուղիին մօտ գտնուող մեծ խանութի մը մօտ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com