Բրիտանիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ -
Բրիտանիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ
Երէկ` հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը քննարկեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառ հայրապետը դեսպան Շորթըրին լայն բացատրութիւն տուաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին:
Յայտնենք նաեւ, որ այս առիթով վեհափառ հայրապետը դեսպան Հիւկոյին տեղեկութիւններ ներկայացուց հայ եւ անկլիքան եկեղեցիներու յարաբերութեան ու գործակցութեան շուրջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com