Հայկական Լաւաշին Նուիրուած Տօնահանդէս եւ «Հաց Բերող»-ի Հոգիին Նուիրուած Ձեռնարկ «Սուրբ Մովսէս Խորեն -
Հայկական Լաւաշին Նուիրուած Տօնահանդէս եւ «Հաց Բերող»-ի Հոգիին Նուիրուած Ձեռնարկ «Սուրբ Մովսէս Խորենացի» Նախակրթարանին մէջ
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ Ապրիլ 6-ին կայացաւ Թեմի «Սուրբ Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանի հանապազօրեայ հացի, ի մասնաւորի հայկական լաւաշի մեծարման նուիրուած տօնահանդէս: Դահլիճը զարդարուած էր օրուան խորհուրդին համապատասխան: Կազմակերպիչներու հարուստ երեւակայութեան իբրեւ արդիւնք՝ տեսանելի էին հայկական լաւաշի պատրաստման բոլոր փուլերը: Ազգային տարազներով զուգուած փոքրիկները՝ մեծերու նմանութեամբ՝ հմտօրէն ցոյց կու տային լաւաշի թխման ողջ ընթացքը, ներկաները տեղափոխելով տօնահանդէսի խորհուրդին մէջ:
Դահլիճին մէջ էին նաեւ հոգեւոր հայրերը, «Հայարտուն» կեդրոնի աշխատակազմը, ծնողներ, հիւրեր:
Տօնահանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի օրհնութեան բարեմաղթանքով: Թեմակալ առաջնորդին եւ քահանաներուն մասնակցութեամբ՝ յիշատակի աղօթք բարձրացուեցաւ վերջերս մահացած եւ ժողովուրդին կողմէ «հաց բերող» անուան արժանացած Արթուր Սարգսեանի հոգիի խաղաղութեան համար:
Թեմի կրթութեան բաժինի տնօրէն եւ Սուրբ Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի ղեկավար Եւգենեա Մարկոսեան շնորհաւորեց ներկաները յառաջիկայ Աւետման տօնին առիթով՝ անդրադարձաւ հացի կարեւորութեան մարդու կեանքին մէջ, առանձնայատուկ նշեց հացին տրուող այն ածականները, որոնք ամրագրուած են ժողովուրդին մէջ եւ դարեդար կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Բանախօսը արժեւորեց հայկական լաւաշը իր տեսակով ազգի գոյատեւման, հայոց մշակոյթի ձեւաւորման գործին մէջ, ընդգծեց հայկական լաւաշին ներառումը UNESCO-ի ոչ մշակութային նիւթական ժառանգութեան ցուցակին մէջ:
Նախակրթարանի սաները, վարպետօրէն ներկայացուցին հայկական լաւաշի փրկարար ուժը՝ պանդխտութեան ուղին բռնած հայ շինականի համար, որուն ճակատագիրը կրկին կը դարձնէ իր հայրենի տունը, ուր սիրով ու գորովանքով կը պատրաստուի հանապազօրեայ հացը: Փոքրիկները յստակ արտասանութեամբ, ազգային երգ ու պարով ցուցադրեցին հացը բնութագրող այն աւանդոյթներն ու ասացուածքները, որոնք սերտած էին ուսուցիչներ Եւգենեա Մարկոսեանի, Օքսաննա Շարոյեանի, Մետաքսիայ Ղազարեանի,Մարի Աբուլեանի եւ Իվանէ Մկրտչեանի ու ծնողներու համատեղ ջանքերով:
Ձեռնարկէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին «Արեւիկ» հիմնադրամի նախագահ Էմմա Ախտեանը եւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանի տիկին Էլէոնորա Վարդանեանը:
Ձեռնարկ՝ օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով ամփոփեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդը: Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոսը կարեւոր համարեց հացի մեծարման նշանակութիւնը փոքրիկներուն համար, քանզի այս ձեռնարկը պիտի դառնայ վառ յիշողութիւն, իսկ սերտած աւանդոյթները` անոնց կեանքի ուղեկիցը: Սրբազան հայրը նշեց հացին տեղը Հայ Եկեղեցւոյ աստուածպաշտական արարողութիւններուն եւ խորհուրդներուն մէջ, հացով ապրելու, հացով մարդը ճանչնալու, հացը արդարութեան հաւասարեցնելու եւ հացով երդուելու ժողովրդական մեծարումը: Թեմակալ առաջնորդը բարձր գնահատեց նախակրթարանի տնօրէնի եւ մանկավարժներու աշխատանքը հանդէսի բովանդակութեան համահունչ դահլիճի գեղեցիկ ու ճաշակով ձեւաւորման համար:
Հացի մեծարումը դարձաւ դաստիարակչական եւ ճանաչողական մեծ նշանակութիւն ունեցող գեղեցիկ ձեռնարկ:
Վիրահայոց թեմի մամլոյ հաղորդագրութիւն
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com