​«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Փեսքով - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

07 Nisan 2017  

​«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Փեսքով -

​«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Փեսքով ​«Իտլիպի Ողբերգութիւնը Կրնայ Ձեռնտու Ըլլալ Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Փեսքով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման վերաբերող ողբերգութիւնը կրնայ ձեռնտու ըլլալ ահաբեկիչներուն եւ անոնց, որոնք կը փորձեն ապաօրինականացնել Սուրիոյ իշխանութիւնները:

«Անտարակոյս, գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք բանը կը տանին Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան օրինական ղեկավարութեան ապաօրինականացման: Եւ գոյութիւն ունին ահաբեկչական ուժեր եւ անոնք, որոնք կ՛աջակցին ահաբեկիչներուն», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը` պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ իր կարծիքով, որուն ձեռնտու է օգտագործել քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման հետ կապուած կացութիւնը:

Փեսքով նաեւ նշած է, որ միջադէպին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները էապէս չեն ազդեր Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններու բնոյթին վրայ:

Թրամփ 5 ապրիլին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնած էր այն կարծիքը, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործումը տհաճ իրադարձութիւն դարձած է Դամասկոսը պաշտպանող Ռուսիոյ համար:

«Ես կը կարծեմ, որ ատիկա շատ ցաւալի օր է Ռուսիոյ համար, որովհետեւ անոնք (Մոսկուան եւ Դամասկոսը, «Ա.») իրարու կողքին կանգնած են, իսկ այս պարագային ամբողջ տեղեկատուութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատիկա կատարած է Սուրիան», ըսած է ան:

«Ինչո՞ւ անոնք ատիկա ըրած են, ո՞վ գիտէ», աւելցուցած է Թրամփ: «Ատիկա Սուրիոյ մէջ պէտք չէ ըլլար», նշած է ան` չճշդելով, թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ համար եկած է ժամանակը մտածելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետագայ պաշտպանութեան նպատակայարմարութեան շուրջ:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+