​Փայլան Հետաքրքրուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւի Ճակատագիրով - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

06 Nisan 2017  

​Փայլան Հետաքրքրուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւի Ճակատագիրով -

​Փայլան Հետաքրքրուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւի Ճակատագիրով ​Փայլան Հետաքրքրուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւի Ճակատագիրով

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին ուղղուած գրաւոր հարցումով հետաքրքրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներու ճակատագիրով:

Ինչպէս կը փոխանցէ Ermenihaber-ը` յղում կատարելով Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքին, Փայլան մասնաւորապէս ցանկացած է իմանալ, թէ ինչ փուլի մէջ են ԱԳՆ-ի արխիւներու թուայնացման աշխատանքները եւ արդեօք ատոնք մէկ մասը վնասուած կամ ոչնչացուա՞ծ են:

Հայ պատգամաւորը նաեւ փորձած է պարզել, թէ արդեօք այդ արխիւներուն մէջ կան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը ընդգրկող (մինչեւ 1919-ը) փաստաթուղթեր, որոնք տեղ չեն գտած կառավարութեան օսմանեան արխիւին մէջ:

Անոր խօսքով` թէեւ կը նշուի, որ այդ արխիւը կը սկսի 1919-էն, որոշ պաշտօնեաներ կը յայտնեն, որ արխիւին մէջ կան նաեւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին մինչեւ 1919-ին:

Փայլան յիշեցուցած է, որ ԱԳՆ-ի կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութեան համաձայն` մինչեւ 2015 թուականը պէտք է թուայնացուէր նախարարութեան պատկանող շուրջ 25 միլիոն փաստաթուղթ: Սակայն մինչեւ այսօր այդ աշխատանքները չեն աւարտած:

«Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ ձգենք այն, որ արխիւը նշանակուած ժամկէտի մէջ չէ բացուած, նաեւ տեղեկութիւններ կան, որ այդ արխիւի աշխատակիցներուն մէկ մասը հեռացուած է աշխատանքէի` կիւլենական ըլլալու մեղադրանքով: Իսկ այդ ընթացքին արխիւային փաստաթուղթերուն մէկ մասը ոչնչացուած է: Բացի այդ, լուրեր կան, որ արխիւին հետ կապուած աշխատանքները արդէն բաւական ժամանակ դադրեցուցած են, իսկ շէնքը, ուր կը գտնուին փաստաթուղթերը, լեցուած է ջուրով, որուն հետեւանքով արխիւը մեծ վնասներ կրած է», -ըսած է Փայլան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+