«Թուրքիան Տակաւին Դուրս Չէ Բերած Իր Զօրքերը Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը -
«Թուրքիան Տակաւին Դուրս Չէ Բերած Իր Զօրքերը Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը
«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտարարած է, որ Թուրքիան տակաւին դուրս չէ բերած իր զօրքերը Սուրիայէն:
Դեսպանը անգամ մը եւս շեշտած է, որ սուրիական իշխանութիւնները թրքական զինեալ ուժերու Սուրիոյ տարածքին մէջ ներկայութիւնը կը նկատեն բռնագրաւում եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին աչք չփակելու այդ հանգամանքին վրայ:
Սուրիոյ մէջ վստահ են, որ «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան պիտի յաջորդեն թրքական զինեալ ուժերու բռնագրաւումի նոր ծրագիրները:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ պաշտօնապէս հաստատած էր Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զինեալ ուժերու շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան աւարտը:
Ան չէր բացառած, որ ապագային Թուրքիան կրնայ վերսկսիլ Սուրիոյ տարածքին զինուորական գործողութիւններուն, եթէ այնտեղ գտնուող տարբեր խմբաւորումներու գործողութիւններն ու զարգացող իրադարձութիւնները վտանգ ներկայացնեն Թուրքիոյ անվտանգութեան:
Նախապէս Հատտատ յայտարարած էր, որ Թուրքիան միակողմանիօրէն յառաջ տարած է պետական սահմանը դէպի Սուրիոյ խորքը` Աֆրին գետի շրջանին մէջ փաստացիօրէն գրաւելով սուրիական տարածքներ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com