​Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սո - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

31 Mart 2017  

​Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սո -

​Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սո ​Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սուրիոյ Մէջ

Ռուսիան ու Թուրքիան պիտի շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իրենց համագործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ, եւ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ահաբեկիչներու ամբողջական ջախջախումը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ:

Մեկնաբանելով Սուրիոյ հիւսիսը թրքական բանակին շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան աւարտի մասին լուրը` Քոսաչեւ նշած է, որ ատիկա դրական զարգացում է, որովհետեւ «Եփրատի վահան»-ը առանց Սուրիոյ իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը ստանալու կատարուած զինուորական գործողութիւն էր:

«Լաւ է, որ աւարտեցաւ», ըսած է ան: Ըստ անոր, փոխադարձ գործակցութիւնը կազմակերպուած է «ասթանայեան եռեակ» ձեւաչափին մէջ եւ ունի սուրիական իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած շրջագիծեր, խնդիրներ եւ նպատակներ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ չորեքշաբթի օր պաշտօնապէս հաստատեց «Եփրատի վահան» գործողութեան աւարտը: Ան չբացառեց, որ ապագային Թուրքիան կրնայ վերսկսիլ Սուրիոյ տարածքին զինուորական գործողութիւնները, եթէ այնտեղ գտնուող տարբեր խմբաւորումներու գործողութիւններն ու զարգացող իրադարձութիւնները վտանգ կը ներկայացնեն Թուրքիոյ անվտանգութեան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+