Յորդանանի Մէջ Արաբական Վեհաժողովը Շեշտը Դրաւ Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Ու Ահաբեկչութեան Վնաս -
Յորդանանի Մէջ Արաբական Վեհաժողովը Շեշտը Դրաւ Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Ու Ահաբեկչութեան Վնասազերծման Վրա
Յորդանանի Մեռեալ ծովու շրջանին մէջ երէկ գումարուած Արաբական 28-րդ վեհաժողովի աւարտի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին «երկու պետութիւններ»-ու սկզբունքին եւ իբրեւ ռազմավարական ընտրանք խաղաղութեան կառչած մնալու հիման վրայ, պայմանով որ ամբողջական կերպով վերջ գտնէ պաղեստինեան եւ արաբական հողերուն բռնագրաւումը:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին պէտք է արտօնուի կիրարկել իր իրաւունքները, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքն ու պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատումը: Արաբական վեհաժողովը նաեւ պետութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց դեսպանատուները չփոխադրելու Երուսաղէմ` առանց նշելու անունը Միացեալ Նահանգներուն, որ մտադիր է այդ քայլին դիմել:
Արաբական վեհաժողովը ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում մը չունի եւ անոր միակ լուծումը քաղաքական է` շեշտելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ու ահաբեկչութեան վնասազերծման սկզբունքներուն վրայ:
Հաղորդագրութիւնը վերահաստատեց, որ «ահաբեկչութիւնը կարելի չէ կապել որեւէ կրօնի», եւ պէտք է ամրապնդել ժողովուրդներուն ու կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու փոխադարձ հասկացողութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com