Ֆրանսահայ Բժիշկը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ՝իրականացնէ -
Ֆրանսահայ Բժիշկը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ՝իրականացնէ
Ֆրանսական «Հայ-մեդ» կազմակերպութեան ոտնաբոյժ Մկրտիչ Կարապետեան այսօր Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցին մէջ կ՝իրականացնէ անվճար ընդունելութիւն, խորհրդատւութիւն, ինչպէս նաեւ կը կատարէ վիրահատութիւններ:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Մկրտիչ Կարապետեան ըսած է, որ ինքը արդէն 6-րդ անգամ ըլլալով Արցախ կ՝այցելէ:
«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի տեղի մեր գործընկերներուն ներկայացնենք վնասուածքաբանութեան վերջին նորութիւնները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցուինք փորձի փոխանակումով»,- նշած է Մ. Կարապետեան:
Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցի վնասուածքաբան Կարէն Դաւթեան, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ արդէն անոր կողմէն հետազօտուած է 50 հիւանդ:
«Ամէն անգամ գալով Արցախ` Մ. Կարապետեան իր ներդրումը կը բերէ. ան անվճար կ՝իրականացնէ հիւանդներու ընդունելութիւն, հետազօտութիւն եւ վիրահատութիւն: Ճիշդ է, մեր հիւանդանոցին մէջ կան վիրահատութիւններու համար սարքեր, պարզապէս մեզի քիչ մը կը պակսի մասնագիտական փորձը»,-ըսած է Կ. Դաւթեան` յայտնելով, որ Մ. Կարապետեանի կողմէ նախատեսուած է կատարել 5 վիրահատութիւն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com