Թուրքիան ու Ռուսիան Կը Գործակցին ԼՂ Հիմնախնդրի Կարգաւորման Հարցով -
Թուրքիան ու Ռուսիան Կը Գործակցին ԼՂ Հիմնախնդրի Կարգաւորման Հարցով
Թուրքիան եւ Ռուսիան վերականգնած են յարաբերութիւնները ու այժմ կ՛աշխատին տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ: Այդ մասին Մարտ 21-ին յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ուաշինկթընի մամուլի ազգային ակումբին մէջ:
«Մենք յաղթահարած ենք մեր տարաձայնութիւնները Ռուսիոյ հետ: Այսօր մեր յարաբերութիւնները վերականգնուած են եւ մենք կը գործակցինք տարածաշրջանի շարք մը խնդիրներու կարգաւորման հարցով»,-ըսած է ան: Չաւուշօղլուն եւ որպէս գործակցութեան օրինակ բերած է իրավիճակը Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կը գրէ panarmenian.net-ը:
Միեւնոյն ժամանակ Չաւուշօղլուն աւելցուցած է, որ Անգարան կը շարունակէ «սատարել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ներառեալ Ղրիմի»:
Աւելի առաջ Մոսկուայի մէջ կայացած ռուս-թրքական բանակցութիւններու ժամանակ քննարկուած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով ղարաբաղեան կարգաւորման, յայտարարած էր. «Այն, ինչ կը կատարուի շփման գիծի վրայ, ցոյց կու տայ, թէ որքան ճգնաժամային է իրավիճակը եւ որքան մեծ է նոր պատերազմի վտանգը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ»: Ան աւելցուցած էր, որ Ռուսիան առանցքային դերակատարութիւն ունի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com