22 Mart 2017
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անտառը մարդուն, անտառը տնտեսութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Գոյութիւն ունին եւրոպական երկիրներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կը փորձեն հանրաքուէն արգելակել»:
Էրտողան իր խօսքը ուղղելով եւրոպացիներուն ըսաւ. «Ձեր հարցերով զբաղեցէ՛ք եւ թոյլ տուէ՛ք, որ մեր հարցերը մենք լուծենք»` աւելցնելով, որ 16 ապրիլին` հանրաքուէի ընթացքին թուրք ժողովուրդը լաւ դաս մը պիտի տայ եւրոպացիներուն: «Եւրոպացիները գիտեն Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման դրական արդիւնքները», ըսաւ ան:
«Անցեալին Եւրոպան Օսմանեան պետութիւնը կը կոչէր հիւանդ մարդը, սակայն այսօր Թուրքիան սկսած է մեծնալ, ոտքի կանգնիլ եւ արթննալ», յայտնեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Հոլանտայի մէջ իմ նկարներս կը վերցնեն եւ կը մերժեն զանոնք բարձրացնել, սակայն ահաբեկչական ՔԱԿ-ի նկարները բարձրացնել կ՛արտօնեն»: