20 Mart 2017
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ Թուրքիան աւելի քան երբեւիցէ հեռու է Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալէ:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը հեղինակաւոր «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Այսօր Թուրքիան ակնյայտօրէն աւելի քան երբեւիցէ հեռու է Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալէ»:
Ան ընդգծած է, որ միշտ ալ կասկածներ ունեցած է այն մասին, թէ արդեօք պէ՞տք է Թուրքիան դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ:
Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Սալեպոռն իր կարգին յայտարարած է, որ Անգարայի կողմէ Եւրոպական Միութեան հասցէին հնչեցուած վիրաւորանքները, ինչպէս նաեւ յուլիսին տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք տեղի ունեցող ներքաղաքական բռնաճնշումները կը վկայեն, որ ներկայիս ոչինչ կրնայ նպաստել այդ երկրի` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալուն:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր «Պիլտ ամ Սոննթակ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ քանի տակաւին Թուրքիան չ՛ուզեր առաջնորդուիլ եւրոպական չափանիշերով, այդ երկիրը Եւրոպական Միութեան մէջ տեղ չունի: