20 Mart 2017
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը երէկ արշալոյսին ետ մղած է Դամասկոսի դէմ Ժապհաթ Նուսրայի անոր դաշնակից այլ զինեալ խմբաւորումներու շղթայազերծած յարձակումը:
Ըստ զինեալ խմբաւորումներուն, Դամասկոսի մէջ յարձակումին մասնակցած են Ֆայլաք Ալրահմանը, Ահրար Շամը, Թահրիր Շամը (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա): Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Ժէյշ Իսլամ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ֆայլաք Ալրահմանի հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով չէ մասնակցած յարձակումին:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը բախում ունեցած է ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, որոնք կիրակի արշալոյսին ներթափանցած են Ժոպար թաղամասին մէջ «Քրաշ»-ի գործարանին, «Ղազըլ ուա Նասիժ» ընկերութեան ճակատին վրայ զինուորական կէտերու եւ անոնց մօտ գտնուող բնակելի շէնքերու շրջանը: Սուրիական բանակը յաջողած է վնասազերծել երկու ականուած ինքնաշարժներ, նախքան զինուորական կէտերուն անոնց մօտենալը:
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը իր կարգին հաստատեց, որ սուրիական բանակը կրցաւ Ժոպարի եւ Քապունի թաղամասերէն ետ մղել ահաբեկչական յարձակումի փորձերը, որոնք կատարուեցան Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ: Սուրիական բանակի օդային եւ թնդանօթային ռմբակոծումներուն թիրախ դարձան բախումի գիծերը:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կ՛աւելցնէ, որ երէկ օրուան ընթացքին Դամասկոսի արեւելեան շրջանի Ապպասիին, Քասաա, Թիժարա, Պապ Թումա թաղամասերը հրթիռակոծումի ենթարկուեցան: Հրթիռակոծումը հրդեհ պատճառեց շարք մը մեքենաներու եւ բնակարաններու, որոնց շարքին` դամասկահայու մը բնակարանը:
Բանակը փապուղիներու ցանցի մը ճամբով ներթափանցած զինեալներու շարքերուն մէջ պատճառած է զոհեր եւ վիրաւորներ: