Ցեղասպանութիւններ, Որոնք Երբեք Տեղի Չեն Ունեցած. Timesofisrael-ի Անդրադարձը Խոջալուին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

08 Mart 2017  

Ցեղասպանութիւններ, Որոնք Երբեք Տեղի Չեն Ունեցած. Timesofisrael-ի Անդրադարձը Խոջալուին -

Ցեղասպանութիւններ, Որոնք Երբեք Տեղի Չեն Ունեցած. Timesofisrael-ի Անդրադարձը Խոջալուին Ցեղասպանութիւններ, Որոնք Երբեք Տեղի Չեն Ունեցած. Timesofisrael-ի Անդրադարձը Խոջալուին

Իսրայէլական blogTimesofisrael-ը անդրադարձած է յօրինուած «ցեղասպանութիւններուն», որոնց մէջ` Խոջալուի դէպքերուն, որոնք կ՛օգտագործուին տարբեր քաղաքական շահեր սպասարկելու համար:

“Արմենփրես”-ի փոխանցմամբ՝ հրապարկման մէջ կ՛ընդգծուի, որ սոյն յօդուածը ռազմական արդարացումներ գտնելու կամ հակամարտութիւններու նախապատմութիւնը ներկայացնելու նպատակ չունի, այլ, պարզապէս, պիտի փորձէ մերկացնել սուտը:

«1992-ի Փետրուարին Խոջալի մէջ, իսկապէս, մեծաթիւ զոհեր եղած են: Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մօտ 30 հազար կեանք խլած է: Խոջալուն Պաքուի կողմէ շարունակաբար օգտագործուած է ԼՂ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ռմբակոծելու համար: Որեւէ պատերազմի տրամաբանութիւն կ՛ենթադրէ կրակակէտերու չէզոքացում: Խոջալուի կրակակէտի չէզոքացումը դարձաւ համախմբման կոչ ամբողջովին բարոյալքուած ատրպէյճանական բանակին համար: Ատոր հետեւեցաւ նախագահ Մութալիպովի տապալումը, եւ ամենակարեւորը Ատրպէյճանը սկսաւ շահարկել, թէ իբր հայկական կողմը զանգուածային դաժանութիւններ ըրած է: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ 1988-90-ներուն Ատրպէյճանի տարածքին ջարդերու զոհ դարձած հայ ժողովուրդը ստիպուած էր արդարանալու:

«…ատրպէյճանական մամուլը այդ օրերուն չշօշափեց այս թեման: 1992-ի Սեպտեմբերին պաշտօնական Պաքուն Human Rights Watch-ին յայտնած էր 159 զոհերու մասին: Այսօր զոհերու պաշտօնական թիւը 613 է: Այստեղ յստակեցումներ մտցնելը դժուար է, քանզի Ատրպէյճան չունի յստակ վիճակագրութիւն ղարաբաղեան պատերազմին մէջ կրած կորուստներուն մասին: …Խոջալուի զոհերուն մեծ թիւը կապուած է այն փաստին հետ, որ ատրպէյճանցի մարտիկները ցրուած եղած են տարհանուող բնակչութեան շարքերուն մէջ, որոնց մարդասիրական միջանցք տրամադրած էր հայկական կողմը:

Ատրպէյճան կը կիրառէ վշտահար մօր նկարը` իր 5 երեխաներու դիակներուն հետ:

Այս նկարը իրականութեան մէջ 1983 թուականի Էրզրումի երկրաշարժի ժամանակ առնուած եւ տպուած է «Հուրրիէթ»-ի 1983 թուականի Հոկտեմբեր 30ի թիւին մէջ:

Խոջալուի դէպքերէն մէկ տասնամեակ առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնը պատկերող այս նկարը տարիներ շարունակ եղած է Պաքուի հիմնական փաստաթուղթը` մինչ իրականութեան պարզուիլը:

Անակնկալ չէր, որ սուտի երեւան գալէն ետք, ատրպէյճանամէտ լրատուամիջոցները մէկը միւսին հետեւէ սկսան հեռացնելու այս նկարը:

Անժամեայ նկարներու օգտագործումը կը ներառէ նաեւ մէկ այլ անգոյն լուսանկար, որ կը ներկայացուի իբրեւ «հայկական բարբարոսութեան» արդիւնք, սակայն անիկա առնուած է 1999-ի Յունուարին Քոսովոյի մէջ լուսանկարուած գունաւոր լուսանկարէն:

Իսկ ատրպէյճանական լուսանկարներուն մէջ, ուր կան այլանդակուած մարմիններ, չկայ արնահոսում: Սա կը հակասէ մարդու անդամազննութեան: Եթէ մարմինները հաշմուած ըլլային կենդանութեան օրօք, ապա պիտի ըլլար ուժեղ արնահոսութիւն: Կենդանի մարդու մարմինը հաշմուելէ ետք կ՛արնահոսի 6-12 ժամ: Նկարներէն պարզ կը դառնայ, որ ատրպէյճանցի զինուորները տեղափոխած են աւելի առաջ մահացածներու դիակները մի քանի քիլոմեթր, դրած ինչ-որ դաշտի մէջ, այլանդակած, ապա՝ հրաւիրած լրատուամիջոցները»:

Յօդուածին մէջ մէջբերում կայ նաեւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Մութալիպովի հարցազրոյցէն հատուած մը, ուր ան կը պնդէ, որ Խոջալուի դէպքերը կազմակերպուած են զինք պաշտօնանկ ընելու համար: Ան նաեւ խօսած էր հայկական կողմի տրամադրած մարդասիրական միջանցքին մասին:

«Այսպիսով, 25 տարուան ընթացքին Ատրպէյճան կը փորձէ իր շինծու ապացոյցներով մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան զոհի կարգավիճակ ստանալ»,-կը նշէ յօդուածագիրը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+