02 Mart 2017
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ կոչ ուղղած են մեղմացնելու իր դիրքորոշումը եւ նուազեցնելու Յունաստանի հետ լարուած յարաբերութիւններու կացութեան մէջ Եգէական ծովուն մէջ կատարուող գործողութիւնները:
Ուաշինկթըն նաեւ նշած է, որ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած տարակարծութիւնները կրնան յանգեցնել վտանգաւոր հետեւանքներու: