Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մինչեւ Մարտ 15. Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Պիտի Դադրե - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

25 Şubat 2017  

Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մինչեւ Մարտ 15. Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Պիտի Դադրե -

Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մինչեւ Մարտ 15. Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Պիտի Դադրե Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մինչեւ Մարտ 15. Աթէշեանի Լիազօրութիւնները Պիտի Դադրեցուին

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Փետրուար 23-­24-­ ին տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետին հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան երեք միաբան եպիսկոպոսներ` Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ արք․ Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին արք․ Բեքչեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:

Փետրուար 23-­ի հանդիպումէն առաջ, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Գարեգին, Արամ եւ Սահակ Սրբազանները այցելեցին Մայր Տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանին առջեւ միասնական աղօթք կատարեցին` Կ.Պոլսի դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի պայծառութեան, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ պոլսահայ համայնքին մէջ խաղաղութեան ու համերաշխութեան վերահաստատման համար: Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած նաեւ Աթոռի հանգստեան կոչուած գահակալ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար, որ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ կը շարունակէ մնալ մշտական խնամքի տակ:

Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ եղաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կեանքին մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած իրադարձութիւններուն, պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացի շուրջ յառաջացած յուզումներուն ու տարակարծութիւններուն:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Հայրերուն յորդորած է Պատրիարքական Աթոռի գերագոյն շահի գիտակցութեամբ` ամենայն ջանք ի գործ դնել հոգեւորականաց միջեւ եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ փոխըմբռնման, հաշտութեան ու եղբայրասիրութեան ոգիի ամրապնդման համար: Նորին Սրբութեան թելադրութիւնն էր փոխհասկացողութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կանոններուն ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած կանոնական եւ աւանդական ընթացակարգերու պահպանութեամբ լուծման առաջնորդել Պատրիարքական ընտրութիւններու ամբողջ գործընթացը:


Ստեղծուած իրավիճակի եւ ատոր հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերեալ Սրբազան Հայրերուն կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ, ներկայացուած տեսակէտներուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբանները նաեւ առանձնաբար քննարկեցին Պատրիարքութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուեցաւ հետեւեալ ընդհանուր համաձայնութիւնը. ­

Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի հրաւէրով Եկեղեցական համագումար ժողովը մինչեւ Մարտ 15­-ը կը կատարէ տեղապահի ընտրութիւնը: Տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ Եկեղեցւոյ կանոնակարգի, կը դադրեցուին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին լիազօրութիւնները, ­
Աթոռի միաբան եպիսկոպոսները հաւասար իրաւունք ունին առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը տեղապահի ընտրութիւններուն, ­

Տեղապահի ընտրութենէն ետք Կրօնական ժողովը կը ստեղծէ եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ կազմուած յանձնաժողով` օրէնքով սահմանուած կարգով Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդէն ընտրուած տեղապահին յանձնում­ընդունումը կազմակերպելու համար, ­
Տեղապահի ընտրութենէն ետք տասնօրեայ ժամկէտի մէջ կը կազմակերպուին Նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւնները` Պատրիարքութեան ընկալեալ ընթացակարգերու համաձայն: Նախաձեռնարկ մարմինը, իր հերթին, վեց ամսուան ընթացքին, տեղապահի գլխաւորութեամբ, կը կազմակերպէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը` ըստ գործող ընթացակարգերու, ­


Նախաձեռնարկ մարմինը ամենամսեայ հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ Կրօնական ժողովին եւ հանրութեան` ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ,


Պատրիարքական ընտրութիւնները` վեցամսեայ ժամկէտի մէջ տեղի չունենալու պարագային, Կրօնական ժողովի հրաւէրով Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումար ժողովը եւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներու ժողովը իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու ծիրէն ներս կը դնեն տեղապահի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի վստահութեան քուէի հարցը, ­


Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրական շրջանին հաւասար պայմաններ կ՛ապահովէ պատրիարքական թեկնածուներուն` իրենց ընտրական քարոզչութիւնը իրականացնելու համար: Փետրուար 24-­ին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Բեքչեան եւ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հանդիպում ունեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներուն հետ: Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան, իբրեւ պատրիարքական թեկնածուներէն մէկը:


Ժողովի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքը փոխանցեց Կ.Պոլսոյ միաբան եպիսկոպոսներուն` երկօրեայ ժողովներու ընթացքին դրսեւորած յանձնառութեան համար` եղբայրական ոգիով եւ նախանձախնդրութեամբ Պատրիարքութեան եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն համար: Նորին Սրբութիւնը իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Պատրիարքութեան ուխտապահ եկեղեցականաց դասին եւ հաւատաւոր ժողովրդին` մաղթելով Մեծի պահոց նուիրական շրջանին ընդառաջ Աստծւոյ զօրակցութիւնը իրենց հաւատքի արթնութեան եւ ազգային-­եկեղեցական կեանքի շինութեան համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+