25 Şubat 2017
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետի գրասենեակը յայտարարած է, որ վարչապետ Հայտար Ապատի հրամայած է օդային հարուածներ հասցնել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ:
«Իրաքի օդուժի հրամանատարութեան համար կարգադրութիւն կատարուած է հարուածներ հասցնելու ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն, ներառեալ Սուրիոյ Ապու Քամալ քաղաքի տարածքի դիրքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Վարչապետը նաեւ ճշդած է, որ օդային հարուածի թիրախ պէտք է դարձնել դիրքերը այն ծայրայեղականներուն, որոնք «պատասխանատու են վերջերս Պաղտատի մէջ գործուած պայթումներուն համար»: