20 Şubat 2017
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երէկ ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հանրաքուէին միջազգային դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող Պելճիքայի Թագաւորութեան պատուիրակութեան անդամներ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանի անդամ Սերժ տը Փադուլին եւ Վալոնիա-Պրիւքսէլի դաշնութեան խորհրդարանի պատգամաւոր Պենուա Տրեզին:
Խորհրդարանի նախագահը՝ կարեւոր համարելով հանրաքուէին միջազգային դիտորդներու ներկայութիւնը՝ նշած է. «Մենք արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպենք հանրաքուէ եւ կարեւոր կը համարենք ու հաշուի կ՝առնենք այն գնահատականները, որոնք կը ներկայացուին դիտորդներուն կողմէ»:
Այնուհետեւ Աշոտ Ղուլեան պատասխանած է Պելճիքայի ներկայացուցիչներու շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Սահմանադրութեան նախագիծով նախատեսուած կառավարման համակարգի առանձնայատկութիւններուն եւ պետութեան գործունէութեան կարեւոր ոլորտներուն մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն:
Հանդիպման մասնակցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: