18 Şubat 2017
Փետրուար 17-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Միւնիխի մէջ հանդիպած է Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուդ Պարզանիին:
Երկու կողմերը արժեւորած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, եւ մտքեր փոխանակած փոխայցելութիւններու կազմակերպման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան շուրջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հետ կապուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս Էդուարդ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քիւրտիստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող համակողմանի աջակցութեան համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Քիւրտիստանի ղեկավարը ներկայացուցած է Իրաքի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահը անդրադարձած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հրատապ հարցերու: