Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան` «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին «Երկու Պետութիւն Երկու Ժողովուրդի Համար» Քաղ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

18 Şubat 2017  

Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան` «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին «Երկու Պետութիւն Երկու Ժողովուրդի Համար» Քաղ -

Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան` «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին «Երկու Պետութիւն Երկու Ժողովուրդի Համար» Քաղ Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան` «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին «Երկու Պետութիւն Երկու Ժողովուրդի Համար» Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի հարցին մէջ կ՛աջակցին «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» քաղաքականութեան:

«Կազեթա.ռու»-ի համաձայն, Հէյլի ըսած է. «Նախ եւ առաջ, «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» քաղաքականութիւնը այն է, ինչին մենք կ՛աջակցինք: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ՛ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կողմ չէ այդ քաղաքականութեան, կը սխալի»:

Բայց եւ այնպէս ան ընդգծած է, որ շարունակելով հաւատարիմ մնալ այդ որոշումին` Ուաշինկթըն նաեւ կը փորձէ ոչ օրինաչափ մօտեցում ցուցաբերել այս իրավիճակին:

Կը հաղորդուի, որ Հէյլիի յայտարարութիւնը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի չպնդեն Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղ համաձայնագիրի ծիրին մէջ պաղեստինեան պետութիւն կառուցելու հարցին վրայ:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Թրամփի վարչակազմը զգուշացուցած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման գործին մէջ երկու պետութիւններու հայեցակարգին աջակցելէ նահանջ կատարելու վտանգէն:

Անոր յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն կապուած է Տանըլտ Թրամփի այն խօսքերուն, թէ ինք պիտի պաշտպանէ կարգաւորման որեւէ բանաձեւ, որ կրնայ խաղաղութիւն բերել, եւ որ պիտի բաւարարէ երկու կողմերը: Այդպիսի դիրքորոշումը կը հակասէ այս հարցին շուրջ ամերիկեան դիւանագիտութեան երկարատեւ աւանդութեան: Պաղեստինեան վարչակազմը տագնապով արձագանգած է այդ խօսքերուն, որոնք այնտեղ գնահատած են իբրեւ այն բանի ակնարկ, որ Միացեալ Նահանգները կրնան հրաժարիլ պաղեստինեան պետականութեան աջակցելէն:

Յիշեցնենք, որ հաղորդուած էր, որ Թրամփ հրաժարած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին նկատմամբ բազմամեայ ամերիկեան դիրքորոշումէն, որ կը նախատեսէ «երկու պետութիւններու» ստեղծում «երկու ժողովուրդներու համար»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ կատարուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թրամփ խոստացած է, որ պիտի հասցնէ հաշտութեան «մեծ» համաձայնագիրի կնքման, սակայն ընդգծած է, որ ատոր համար տագնապին երկու կողմերը պէտք է դիմեն փոխզիջումի:

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան միջեւ հաշտութեան հոլովոյթը փաստօրէն կանգ առած է 2014-ին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+