Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան 1866-1950 - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

17 Şubat 2017  

Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան 1866-1950 -

Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան 1866-1950 Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան (1866-1950). Հ.Մ.Ը.Մ.ի մար­դա­կերտ­մ

«Ա­զա­տու­թիւնն ա­մէ­նէն մեծ բա­րիքն է մար­դուն հա­մար, ե­թէ գի­տէ զայն գոր­ծա­ծել։ Իսկ երբ ա­զա­տու­թիւնն ըն­դու­նող ժո­ղո­վուր­դը տղայ է եւ խա­ղա­լիկ մը կը կար­ծէ զայն, այն ա­տեն ա­զա­տու­թիւնն ա­մէ­նէն ձա­խող ար­դիւնք­նե­րը կրնայ ու­նե­նալ։ Վ­կայ է պատ­մու­թիւ­նը։


«Ա­զա­տու­թիւնն ան­կար­գա­պա­հու­թիւն եւ ա­նիշ­խա­նու­թիւն չէ։ Ա­զա­տու­թիւնն ինք­նա­կամ հպա­տա­կու­թիւնն է օ­րէն­քին, որ զմեզ կը պահ­պա­նէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րի ներ­սի­դին մրա­փող բար­բա­րո­սու­թեան դէմ։ Լր­ջու­թեամբ, ան­կեղ­ծու­թեամբ, հան­դար­տու­թեամբ աշ­խա­տակ­ցիլ քա­ղա­քակր­թու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան, ա­հա՛ Ա­զա­տու­թիւ­նը։ ­Հես­տել (չհնա­զան­դիլ) օ­րէնք­նե­րուն, պո­ռա­լով պոռչ­տե­լով, կիր­քե­րու անձ­նա­տուր ըլ­լա­լով, ա­հա՛ բար­բա­րո­սու­թիւ­նը, ա­հա՛ ա­նիշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ար­տաք­սում չէ. ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ որ­քան ա­ւե­լի ա­զատ ըլ­լայ մարդ, այն­քա՛ն ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ու­նի։ ­Քիչ մը մտա­ծել կը բա­ւէ՝ հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար այս ճշմար­տու­թեան»։


Ա­զատ ­Մար­դու եւ Ա­զատ ­Հա­յու այս­պի­սի՛ խոր եւ ի­րա՛ւ ըն­կա­լու­մով ու պատ­կե­րա­ցու­մով ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ զա­ւակ­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան, ո­րուն մա­հո­ւան 67րդ ­տա­րե­լի­ցը կ­’ո­գե­կո­չենք այ­սօր՝ 16 ­Փետ­րո­ւա­րին։


Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րու հու­նա­ւոր­ման մէջ, գլխա­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած հիմ­նա­դիր­նե­րու շար­քին, իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը կը գրա­ւէ ­Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան, որ 16 ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը, 1950ին, ­Պոլ­սոյ մէջ հրա­ժեշտ տո­ւաւ մեր աշ­խար­հին։


Յ. ­Հինդ­լեան ար­դէն հաս­տա­տո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր 1918ին, երբ միա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նոյն­քան ար­ժա­նա­ւոր մե­ծե­րէն ­Շա­ւարշ Ք­րի­սեա­նի եւ Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեա­նի հետ՝ հոյլ մը նո­ւի­րեալ­նե­րու անձն­դիր ջան­քե­րով հիմ­նադ­րե­լու հա­մար Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իբ­րեւ միա­ժա­մա­նակ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն։ Ա­նոնց նպա­տակն էր ի մի բե­րել եւ, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին-բա­րո­յա­կան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րու դրօ­շին տակ, ընդ­հա­նուր եւ մէկ մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ հա­մախմ­բել մինչ այդ ­Պոլ­սոյ թէ հա­յաշ­խար­հի տա­րած­քին ա­ռա­ջա­ցած հայ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան միու­թիւն­նե­րը։
Հինդ­լեան ծնած էր 1866ին՝ ­Պո­լիս։ ­Նո­րա­հաս­տատ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նի անդ­րա­նիկ եւ շնոր­հա­լի սա­նե­րէն էր, որ կա­նու­խէն նե­տո­ւե­ցաւ ման­կա­վար­ժա­կան աս­պա­րէզ՝ իր ժա­մա­նա­կի ազ­գա­յին ա­մէ­նէն յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով սե­րունդ հասց­նե­լով։


Նո­րա­հաս սե­րուն­դը ազ­գա­յին ո­գիով եւ գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան վսե­մա­գոյն ար­ժէք­նե­րով դաս­տիա­րա­կե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­բող­ջա­պէս նուի­րո­ւած մեծ ման­կա­վար­ժը, 5 Հոկ­տեմ­բեր 1909ին, 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ հաս­տա­տո­ւած հա­մե­մա­տա­բար ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան պայ­ման­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով, ­Գա­լուստ ­Մա­լա­թեա­նի հետ գոր­ծակ­ցա­բար հի­մը դրաւ ­Պոլ­սոյ հա­յոց «­Նոր Դպ­րոց» վար­ժա­րա­նին, ո­րուն կո­չումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հինդ­լեան ա­ռի­թով մը տա­րա­զած է հե­տե­ւեալ պարզ, այ­լեւ խո­րի­մաստ խորհր­դա­ծու­թեամբ.-


«­Գի­տա­կան միտք, որ­քա՜ն հա­զո­ւա­գիւտ բան մըն է ան տա­կա­ւին մար­դոց մէջ։ Որ­քա՜ն յա­ճախ շպարն իբր ի­րա­կա­նու­թիւն, ձեւն իբր հիմ, խօսքն իբր գործ կ­’ըն­դու­նինք։ Որ­քա՜ն յա­ճախ կը բռնո­ւինք շող­շո­ղուն, կա­խար­դիչ տրա­մա­սա­ցու­թիւն­նե­րու ոստ­ղէն…։ Ա­ռանց շատ հե­ռու­ներն եր­թա­լու, հա­շո­ւենք ան­գամ մը, թէ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­թե­նէն ի վեր որ­քա՜ն ան­գամ­ներ սխա­լե­ցանք, խա­բո­ւե­ցանք եւ տու­ժե­ցինք, մի­միայն գի­տա­կան մտքի պա­կա­սու­թեամբ, այ­սինքն՝ մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ մեր կիր­քե­րուն անձ­նա­տուր ե­ղանք տղու մը պէս, փո­խա­նակ մեր զգա­ցում­նե­րը բա­նա­կա­նու­թեան հա­կակշ­ռին են­թար­կե­լու. մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ դրա­կան պա­րա­գա­նե­րը միայն ու­զե­ցինք տես­նել, փո­խա­նակ հա­շո­ւի առ­նե­լու ժխտա­կան պա­րա­գա­ներն ալ. մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ կեղծն ան­կեղ­ծէն զա­նա­զա­նե­լու չափ յստա­կա­տես չկրցանք ըլ­լալ…»


Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան ար­դա­րօ­րէն Ու­սուց­չա­պետ հռչա­կո­ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ։ Եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան իր յա­ռա­ջա­տար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով՝ ­Հինդ­լեա­նի ներդ­րու­մը մեծ ե­ղաւ նո­րաս­տեղծ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը «­Բարձ­րա­ցիր՝ Բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նով զի­նե­լու գոր­ծին մէջ։


Ե­թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին ի­րա­ւամբ դար­ձաւ նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րուն մար­դա­կեր­տու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի գլխա­ւոր հնոց­նե­րէն մէ­կը, բա­ցատ­րու­թիւ­նը պէտք է փնտռել ­Հինդ­լեա­նի պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­կիր­նե­րու հաս­տա­տած հիմ­նա­րար ար­ժէք­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն մէջ։ Ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան կեր­պա­րը սնա­նե­ցաւ եւ միս ու ոս­կոր կա­պեց ­Հինդ­լեան­նե­րու պատ­գամ­նե­րով, ո­րոնց շար­քին, օ­րի­նակ՝
«­Խօ­սած ըլ­լա­լու հա­մար խօ­սիլ… Այս հի­ւան­դու­թիւ­նը ու­րիշ ձեւ մ­’ալ ու­նի։ Ո­րով­հե­տեւ պէտք է, որ ան­պատ­ճառ խօ­սինք, չենք անդ­րա­դառ­նար նա­խա­պէս՝ մեր ը­սե­լի­քին վրայ, հսկո­ղու­թիւն ի գործ չենք դներ մեր ու­ղե­ղին վրայ, որ աշ­խար­հիս ա­մէ­նէն չա­րաճ­ճի բանն է. տղու մը պէս ա­զատ մուտք կու տանք մեր գան­կին մէջ՝ ա­մէն տե­սակ գա­ղա­փար­նե­րու։ ­Մին­չեւ հոս վնաս չկայ ժո­ղո­վին հա­մար, բայց գէշն հոն է, որ մեր գան­կին մէջ ա­նոնց մուտք տա­լէ վերջ՝ ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ ալ ա­զատ մուտք կու տանք ա­նոնց, ինչ որ ա­նի­րա­ւու­թիւն մըն է, բռնա­բա­րու­թիւն մըն է հան­դէպ ­Ժո­ղո­վին։ ­Ժո­ղովն ի­րա­ւունք ու­նի պա­հան­ջե­լու, որ մեր ը­սած­նե­րը տրա­մա­բա­նա­կան ըլ­լան նախ, եւ յե­տոյ՝ տրա­մա­բա­նօ­րէն առն­չու­թիւն ու­նե­նան քննե­լի խնդրոյն հետ։ Որ­չա՜փ ի­րա­ւունք ու­նի ­Ռը­նան, երբ կ­’ը­սէ.- «Ա­մէն ինչ ա­ռատ է, բա­ցի ողջմ­տու­թե­նէն»։ Եւ որ­չափ սի­րե­լի են մեզ մեր այն (ազ­գա­յին) ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնց մէջ ո­րոշ կեր­պով կը տես­նո­ւի այդ չքնաղ բա­րե­մաս­նու­թիւ­նը։ ­Բայց որ­քա՜ն ա­ւե­լի սի­րե­լի պի­տի ըլ­լա­յին ա­նոնք մեզ, ե­թէ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ է­ֆէն­տիին պէս՝ ի­րենց ողջմ­տու­թեան միաց­նէին խօս­քե­րու սեղ­մու­թիւ­նը։ Ունկն­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րը դպրո­ցա­կան­ներ չեն վեր­ջա­պէս, եւ ա­տե­նա­բան ե­րես­փո­խան­նե­րը տե­սակ մը թշնա­մանք ը­րած կ­’ըլ­լան ա­նոնց՝ ան­հար­կի եւ ան­վեր­ջա­նա­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով եւ կրկնու­թիւն­նե­րով եր­կա­րե­լով ի­րենց պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը»։


Շեշ­տը դնե­լով «ա­ռողջ մարմ­նի մէջ ա­ռողջ միտք» մշա­կե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ՝ ­Հինդ­լեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պաշ­տա­մուն­քը կի­զա­կէ­տը դար­ձու­ցին ի­րենց հիմ­նադ­րած հա­մա­հայ­կա­կան շար­ժու­մին։ ­Տա­կա­ւին նոր կազ­մո­ւած՝ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­ղար­կե­ցին Ե­րե­ւան, որ­պէս­զի նո­րա­հաս­տատ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ան­հրա­ժեշտ հա­մա­կար­գու­մը ա­ռա­ջաց­նեն։ Եւ այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Այդ ճամ­բով նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. մարմ­նա­ւո­րեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն ու­ղե­կից այն շար­ժու­մը, որ դէ­պի հայ լե­զուն եւ հայ մշա­կոյ­թը, դէ­պի հայ­կա­կան աս­պե­տու­թիւնն ու Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նը լա­րեց սիրտն ու միտ­քը, բա­զուկն ու քայ­լե­րը հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն՝ ի ­Հա­յաս­տան թէ ի սփիւռս աշ­խար­հի։


Քե­մա­լա­կա­նու­թեան «յաղ­թար­շաւ»էն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թեան երկ­րորդ տա­րագ­րու­թե­նէն ետք, Յ. ­Հինդ­լեան մնաց ­Պո­լիս եւ մին­չեւ մահ, իր հիմ­նադ­րած ­Պոլ­սոյ «­Նոր Դպ­րոց»ով, հա­ւա­տար­մօ­րէն ծա­ռա­յեց իր պաշ­տած ար­ժէք­նե­րով սե­րունդ հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։


Մար­դա­կեր­տու­մի եւ ­Հա­յա­կեր­տու­մի իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ու պատ­գա­մը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս խտաց­նող՝ «Ար­դա­րակ­շիռ Ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը» խո­րագ­րով Յ. ­Հինդ­լեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թե­նէն քա­ղո­ւած հե­տա­գայ խորհր­դա­ծու­թեամբ կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել մե­ծար­ժէք հա­յուն ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի վկա­յու­թիւ­նը.-


«Ազ­գին ներ­կայ ճգնա­ժա­մին մէջ, ի­րա­ւունք չու­նինք ի­մաս­տա­սի­րա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ յան­դուգն տե­սու­թիւն­նե­րով զբա­ղե­լու, եւ ժո­ղո­վուր­դին ար­դէն գրգռո­ւած ե­րե­ւա­կա­յու­թիւնն ա՛լ ա­ւե­լի գրգռե­լու։ Ազ­գա­սի­րու­թիւնն ի­րո­ղու­թիւն մ­’է, եւ կա­րե­ւոր ե­ղող բանն է ոչն­չաց­նել այն նա­խա­պա­շա­րում­ներն, ո­րոնք մա­կա­բոյծ­նե­րու պէս փա­կած ազ­գա­սի­րու­թեան, ա­նոր ա­րիւ­նը կը քա­մեն։ Ն­պա­տակս է մէկ եր­կու խօս­քով ցոյց տալ այդ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէն մէկ քա­նին եւ ցայ­տեց­նել ար­դա­րակշիռ ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը։


«­Շա­տե­րու հա­մար ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու­րիշ բան չէ, բայց ե­թէ խօլ կիրք մը, եւ շատ մը խո­հա­կան, այ­սինքն ճշմա­րիտ ազ­գա­սէր­ներ, ո­րոնք ջղագր­գի­ռի յա­տուկ շար­ժու­ձե­ւե­րով ու խօս­քե­րով չեն ար­տա­յայ­տեր ի­րենց ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, Ազ­գին շա­հե­րուն հան­դէպ ան­տար­բեր­ներ կը նկա­տո­ւին, իսկ ե­թէ Ազ­գին թե­րու­թիւն­նե­րը քննա­դա­տեն ա­նոնք, ազ­գա­տեաց­ներ կը հա­մա­րո­ւին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ դրու­տեաց կայ­թե­րու եւ հիաց­ման կ­’ար­ժա­նա­նան ա­նոնք, ո­րոնց ազ­գա­սի­րու­թիւնն ի յայտ կու գայ մաս­նա­ւոր ջղագրգ­ռու­թեամբ եւ թե­րակ­շիռ լա­ւա­տե­սու­թեամբ կամ յո­ռե­տե­սու­թեամբ։

«Արդ, ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, ճշմա­րիտ, ար­դիւ­նա­ւոր ազ­գա­սի­րու­թիւնն ա­ւե­լի բա­նա­կա­նու­թիւն է քան զգա­ցում, այ­սինքն զգա­ցում մ­’է, որ այն ա­տեն միայն կ­’ըլ­լայ օգ­տա­կար՝ երբ բա­նա­կա­նու­թե­նէն կը կա­ռա­վա­րո­ւի»։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+