17 Şubat 2017
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք իր ամերիկացի պաշտօնակից ՃԷյմս Մաթիսի հետ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռաքքայի ազատագրումը սուրիացի քիւրտերուն ձեռամբ ըլլալուն վրայ չի պնդեր` նշելով, որ Պապի մէջ գործողութեան աւարտէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:
«Թուրքիա Ամերիկայի հետ աշխատանք կը տանի մինչեւ Պապի գործողութեան ամբողջացումը Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Մընպեժէն հեռացման վրայ», ըսաւ ան:
Ըշըք յայտնեց, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ապահով գօտիներու ստեղծումը` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւնները այդ ձեւով չեն յաջողիր: «Կարելի չէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը այլ ահաբեկչական կազմակերպութենէ նախընտրելի նկատել», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս իր կարգին շեշտը դրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ՕԹԱՆ-ի մէջ բեռը հաւասար կերպով բաժնեկցելու պահանջին վրայ: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Միջազգային դաշինքը «Եփրատի վահան» գործողութեան մէջ յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրեն Թուրքիոյ:
Երկու նախարարները նշեցին, որ ՕԹԱՆ-ի նիստերուն ընթացքին իրենց կեցուածքները իրարու նման եղած են, եւ համաձայնած են հաղորդակցութեանց ու երկխօսութեանց թիւը աւելցնելու:
Մինչ այդ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ըշըք յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը այսօր պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի հետ, Ռաքքայի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան:
Փենթակոնէն աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի կշռոյթը արագացնելու համար` առաջին անգամ ըլլալով կը սերտէ հիւսիսային Սուրիա ցամաքային ուժեր ուղարկելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ այդ ուժերը «շատ հաւանաբար որոշ ատեն մնան Սուրիոյ հողերուն վրայ»:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ շաբաթներուն այդ գաղափարին հաւանութիւն տայ, ապա ատիկա նկատառելի կերպով պիտի փոխէ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնը», նշած է աղբիւրը:
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ զօր. Ճոզըֆ Տանճըրտի հետ:
Կողմերը քննարկած են երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: