17 Şubat 2017
Փաքիստանեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Փաքիստանի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սրբավայրի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը առնուազն 72 զոհ պատճառած է: Յարձակումի թիրախն էր Սիտհ նահանգի Սեհուան քաղաքին մէջ սուֆի սուրբ Լալ Շահպազ Քանատարի սրբավայրը:
Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ դատապարտեց յարձակումը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ: