07 Şubat 2017
Ատրպէյճանն ու Ուքրանիան պայմանաւորուած են արգիլել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Տոնպասի մէջ արտադրուած ապրանքներու մուտքի իրենց երկիրներ: Այդ մասին «Ինթերֆաքս»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Միշչենքոն:
Պաքու Ուքրանիոյ նախագահ Փեոթր Փորոշենքոյի այցի ժամանակ երկու պետութիւններու ղեկավարները յանձնարարած են Ուքրանիոյ եւ Ատրպյէյճանի մաքսային կառոյցներու ղեկավարներուն հանդիպիլ եւ քննարկել այդ տարածքներէն ստացուող ապրանքներու երկիր մուտքի հարցը:
Մաքսային կառոյցներու ղեկավարները հանդիպած են եւ մեքանիզմ մշակած, որ այդ տարածքներէն ապրանքները կրնան մատակարարուիլ միայն այն պարագային, եթէ ատոնք արտօնած է Քիեւը կամ Պաքուն, յայտնած է Միշչենքոն:
Կը նշուի, որ մեքանիզմը սկսած է գործելու անմիջապէս, երբ նախագահները տուած են իրենց յանձնարարականները: