Դաշնակցային Վերադատ Դատարանը Մերժեց Ճամբորդներու Մուտքը Արգիլելու Որոշումի Վերականգնման Թրամփի Դիմումը - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

06 Şubat 2017  

Դաշնակցային Վերադատ Դատարանը Մերժեց Ճամբորդներու Մուտքը Արգիլելու Որոշումի Վերականգնման Թրամփի Դիմումը -

Դաշնակցային Վերադատ Դատարանը Մերժեց Ճամբորդներու Մուտքը Արգիլելու Որոշումի Վերականգնման Թրամփի Դիմումը Դաշնակցային Վերադատ Դատարանը Մերժեց Ճամբորդներու Մուտքը Արգիլելու Որոշումի Վերականգնման Թրամփի Դիմումը

Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանը մերժեց ուրբաթ օր դաշնակցային դատաւորի մը կողմէ չեղեալ յայտարարուած` ճամբորդներու մուտքը արգիլելու որոշումը վերականգնելու Թրամփի վարչակազմի դիմումը:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ուշ գիշերին արձակուած վճիռին հիմամբ ճամբորդութեան արգիլման որոշումը պիտի շարունակէ մնալ առկախուած` մինչեւ դատական հոլովոյթի աւարտը:

Սպիտակ տան եւ նահանգներուն կողմէ դատարանին որոշումը բողոքարկելու համար ճշդուած ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր: Երկու նահանգներ` Ուաշինկթընն ու Մինիսոթան կը պնդեն, որ 7 իսլամական երկիրներէ ճամբորդներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող որոշումը հակասահմանադրական է: Անոնք նաեւ նշեցին, որ հրամանագիրը իսլամները թիրախ դարձնելով կ՛ոտնահարէ կրօնի ազատութեան իրաւունքը:

Արդարադատութեան դատարանը իր բողոքարկման մէջ նշած էր, որ միայն նախագահը կրնայ ճշդել, թէ ո՛վ կրնայ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործել` աւելցնելով, որ նահանգները նախագահի գործադիր հրամանագիրը վիճարկելու լիազօրութիւնը չունին:

Վերոնշեալ եօթը երկիրներէն մէկը` Իրաքը ողջունեց ճամբորդութեան արգիլման որոշումի չեղեալ յայտարարուիլը` զայն նկատելով «ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը»:

Իրան իր կարգին յայտնեց, որ դաշնակցային դատաւորի որոշումին լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու ըմբշամարտի խումբին պիտի արտօնէ մասնակցիլ իր հիւրընկալութեամբ աշխարհի ախոյեանութեան:

Թրամփ դաշնակցային դատաւոր Ճէյմս Ռոպարթի որոշումը նկատած էր «ծիծաղելի», դատաւորը կոչած «այսպէս կոչուած դատաւոր» եւ խոստացած վերականգնել ճամբորդութեան արգելքը:

Դատաւոր Ռոպարթ 2004-ին դաշնակցային դատարանի անդամ նշանակուած էր նախկին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+