30 Ocak 2017
Յունուար 29 լոյս 30-ին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական հանգիստ: Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 15 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 90 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: