Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Ազատ Արձակուած է - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

26 Ocak 2017  

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Ազատ Արձակուած է -

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Ազատ Արձակուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Ազատ Արձակուած է

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Տիարպեքիրի նախկին քաղաքապետ, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրը ազատ արձակուած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net-­ը:

Պայտեմիրը ձերբակալուած էր Յունուար 25-­ին եւ տարուած էր դատարան` «Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան» (KCK) գործով ցուցմունք տալու: Ազատ արձակուելէն ետք՝ ան յայտարարած էր, որ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորներու ձերբակալութիւնները իշխող կուսակցութեան կողմէն սկսած պայքարն է երկրին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու անցկացման համար:

Ազատ արձակուած են նաեւ նոյն գործի ծիրէն ներս ձերբակալուած միւս պատգամաւորները` Ահմեթ Եըլտըրըմը եւ Իմամ Թաշչըէրը:

Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ 59 պատգամաւորէն 11­-ը կալանաւորուած են: Անոնց շարքի են կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշը եւ Ֆիգեն Իւքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական խմբակցութեան երկու ղեկավարները: Անոնք եւս կը մեղադրուին «զինուած ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու, յանցագործութիւն կատարելու դրդելու եւ ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւնը իրականացնելու» մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+