Նախագահ Սահակեան Շնորհաւորած է Կլէյտիս Պէրէճիքլեանը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

24 Ocak 2017  

Նախագահ Սահակեան Շնորհաւորած է Կլէյտիս Պէրէճիքլեանը -

Նախագահ Սահակեան Շնորհաւորած է Կլէյտիս Պէրէճիքլեանը Նախագահ Սահակեան Շնորհաւորած է Կլէյտիս Պէրէճիքլեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 24-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի վարչապետ տիկին Կլէտիս Պերեճիկլեանին:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

Յարգարժան տիկին Պերեճիքլեան,

Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունէս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առիթով:

Վստահ եմ, որ Ձեր գիտելիքներն ու հարուստ փորձը լաւագոյնս պիտի ծառայեն ի բարօրութիւն նահանգի բնակչութեան:

Նոր Հարաւային Ուէյլսը, առաջատար դերակատարութիւն ունենալով Աւստրալիոյ տնտեսական ու քաղաքական կեանքին մէջ, յայտնի է նաեւ որպէս երկրամաս մը, ուր մշտապէս կարեւոր համարած են ժողովուրդներու ազատութիւնն ու իրաւահաւասարութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու համընդհանուր ժողովրդավարական արժէքները:

Այդ իրողութեան վառ արտայայտութիւնն է նաեւ 2012 թուականի Հոկտեմբեր 25-ին նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ ԼՂՀ անկախութեան եւ անոր բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:

Լիայոյս եմ, որ Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին նոր շունչ ու բովանդակութիւն պիտի հաղորդուի Արցախի եւ Նոր Հարաւային Ուէյլսի միջեւ բարեկամական կապերուն` նպաստելով փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ` ձեր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+