23 Ocak 2017
21 յունուարին Ուաշինկթընի եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջած են «Կիներու քայլարշաւ»-ի` իրենց բողոքը յայտնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած Տանըլտ Թրամփի դէմ:
Ուաշինկթընի մէջ քայլարշաւը ընթացած է ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու ուղեկցութեամբ եւ մօտեցած Սպիտակ տան յարող տարածքին, սակայն ոստիկանները մետաղէ արգելապատնէշներու միջոցով կասեցուցած են կիներու յառաջխաղացումը մինչեւ նախագահական նստավայր:
Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ քայլարշաւին ձերբակալութիւններ տեղի չեն ունեցած:
Միւս կողմէ, մօտ 600 հազար մարդ բողոքի ցոյցով դուրս եկած են Նիւ Եորքի մէջ` դէմ արտայայտուելով Տանըլտ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը դարձած է բողոքի մեծ շարժումի` «Կիներու քայլարշաւ»-ի մաս: