22 Ocak 2017
Ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է աշխուժացնեն իրենց ջանքերը` գտնելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան հեղինակները: Անոր յայտարարութիւնը երէկ տեղադրուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ:
«Ամէն տարի կը յիշենք Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցը` մեծարելով փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած անոր խիզախ խօսքերը եւ յարգանքի տուրք մատուցելով խաղաղութեան ստեղծման ուղղութեամբ անոր բացառիկ ջանքերուն: Սակայն մենք ատիկա կ՛ընենք գիտնալով, որ նոյնիսկ մէկ տասնամեակ ետք այս ողբերգութեան հեղինակները տակաւին ազատութեան մէջ են», ըսած է ան:
«Ես Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ աւելի շատ ջանք գործադրելու արդարութեան հաստատման եւ Հրանդ Տինքի հարազատներուն ու ընտանիքին համար անպատասխան հարցերու տանջալից տասնամեակէն ետք հանգուցալուծման երաշխաւորման համար: Իշխանութիւնները պէտք է ապահովեն հասարակութեան ուղղուած կարեւորագոյն ուղերձը, որ լրագրողներու դէմ բռնութիւն կատարողները չեն կրնար անպատիժ մնալ», յայտնած է ան:
Միւս կողմէ, «Ակօս» շաբաթաթերթի Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Օսմանպէյ պողոտային վրայ գտնուող նախկին խմբագրատան դիմաց, ուր 10 տարի առաջ սպաննուեցաւ Տինք, երէկ հաւաքուեցան Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն տասնեակ հազարաւոր գործիչներ` հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ եւ Թուրքիա բնակող բազմաթիւ այլ ազգային ու կրօնական խումբերու ներկայացուցիչներ:
Ներկաները բարձրացուցին «Յանուն Հրանդի, յանուն արդարութեան», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», «Այստեղ ենք, ախպարիկ», «Կը կարօտնանք, ախպարիկ», «Հրանդին մի՛ մոռնաք» գրութիւններով պաստառներ: