16 Ocak 2017
Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է իշխող արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ 18 կէտերէ բաղկացած նախագիծի 8-րդ կէտը, որ կ՛ընդլայնէ շարք մը մարզերու մէջ նախագահին լիազօրութիւնները:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ 340 թեր եւ 135 դէմ ձայներով խորհրդարանը հաստատած է նոր կէտը, ըստ որուն, երկրին նախագահը այսուհետեւ իրաւունք պիտի ունենայ լուծարելու եւ կազմելու նախարարաց խորհուրդը, ինչպէս նաեւ կազմելու եւ ստորագրելու հրամանագիրներ, զորս մինչ այդ իրաւասու էին վաւերացնել միայն նախարարաց խորհուրդի անդամները:
Ըստ նոր օրէնքին, նախագահին իրաւունք կը տրուի նաեւ ուղղորդել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գործողութիւնները:
Այսուհետեւ Թուրքիոյ նախագահը կրնայ նաեւ կուսակցական ըլլալ, ինչ որ նախապէս օրէնքով արգիլուած էր: