13 Ocak 2017
2016-ի Փետրուարին Սթամպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ 85-ամեայ Յակոբ Տէմիրճին սպաննելու եւ անոր տունը կողոպտելու մէջ մեղադրուող հայ կասկածեալներէն 3-ին համար դատախազութիւնը պահանջած է խստացուած ռեժիմով ցմահ բանտարկութիւն եւ 24-41 տարուան ազատազրկում: Մնացեալ 9 կասկածեալներուն համար պահանջուած է արդարացման որոշում: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Haberturk» թերթը։
Սթամպուլի դատախազութեան կողմէն հրապարակուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ՝ յանցագործութիւնը անմիջականօրէն իրականացուցած Արամ Յովհաննիսեանին, Արթուր Այվազեանին ու Սերգեյ Միքայէլեանին մեղադրանք ներկայացուած է միանգամայն քանի մը յօդուածով: Կանխամտածուած սպանութեան համար՝ դատախազութիւնը անոնց համար պահանջած է ցմահ, իսկ դիտաւորեալ սպանութեան փորձի, կանխամտածուած կողոպուտի եւ սեփականութեան վնաս հասցնելու յօդուածներով՝ 22-41-ական տարուան ազատազրկում:
Միւս 9 կասկածեալներուն վերաբերեալ՝ փաստերու բացակայութեան հիմնաւորումով՝ դատախազութիւնը պահանջած է արդարացնել անոնց:
Տէմիրճի ընտանիքի փաստաբան Մեհմետ Օրալ պահանջած է մեղադրանք ներկայացնել նաեւ մնացեալ 9 կասկածեալներուն` յայտարարելով, որ վերջիններուն վերաբերեալ եւս ապացոյցներ կան:
Դատավարութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 8-ին:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 6-ին Սթամպուլի հայաշատ Շիշլի թաղամասի Հարպիյէ Ճումհուրիյէթ պողոտային վրայ գտնուող իր բնակարանին մէջ սպաննուած էր Տէմիրճին, որ շուրջ 40 տարի աշխատած էր իբրեւ ոսկերիչ: Կապկպելով Տէմիրճին եւ անոր կինը` 79-ամեայ Սեդա Այտա Տէմիրճին, յանցագործները վերցուցած էին տան մէջ եղած թանկարժէք իրերը եւ հեռացած: Ոստիկանութիւնն ու փրկարարները յաջողած էին ժամանակին փրկել կնոջ կեանքը, սակայն տարէց տղամարդը խեղդամահ եղած էր: