Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ - Gündem
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Կամաւօտ

Gündem :

05 Ocak 2017  

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ -

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն յատուկ պատուիրակութեամբ նախ ուղղուեցաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ի առաւօտեան, պաշտօնապէս հանդիպելու համար Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին: Սուրիական սահմանին վրայ Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ:

dam-2_1417Շքախումբը շարունակեց իր երթը դէպի Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր յանուն նախագահին դիմաւորուեցաւ կուսակցութեան օգնական քարտուղարին` Հիլալ Հիլալի կողմէ: Վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեամբ յատուկ մտերմիկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հիլալի հետ: Ապա, շքախումբը մեկնեցաւ նախագահական պալատ եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը:

Աւելի քան ժամ մը տեւած ջերմ ու սրտբաց հանդիպման ընթացքին, նախագահ Ասատ խօսեցաւ Սուրիոյ վերջին հինգուկէս տարուան ներքին կացութեան եւ տագնապին մասին` ապահովական ու քաղաքական երեսներով, ինչպէս նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն մասին: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամէնէն մօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց եւ յոյս յայտնեց, որ երկրին մէջ բարեկարգումի ու վերականգնումի հոլովոյթը շուտով սկսի, որուն գործուն մասնակցութիւն պարտին բերել բոլոր համայնքները, իսլամ, քրիստոնեայ եւ մասնաւորաբար` հայ համայնքը: Այս իմաստով նախագահը բարձր գնահատեց սուրիահայ քաղաքացիներուն դերակատարութիւնը տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ընդգծեց անոնց կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ զոհողութեանց գնով անոնց յանձնառութիւնը: Հանդիպումի վերջաւորութեան, վեհափառ հայրապետը յատկապէս յիշեց բոլոր նահատակները. «Անոնց նուիրական արիւնով Սուրիան աւելի զօրաւոր եւ սուրիացի ժողովուրդը աւելի վճռակամ պիտի շարունակէ նորոգութեան եւ վերականգնումի իր ընթացքը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Պատմական հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով, գոհունակութեան արտայայտութիւններով եւ յիշատակի լուսանկարով: Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ դամասկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ վերականգնումի նիւթին առնչութեամբ պատկերացումներու քննարկումը շարունակուեցաւ հաւաքական ընթրիքի սեղանին շուրջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+