03 Ocak 2017
29 դեկտեմբեր 2016-ին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր ժողովը միաբանութեան նոր մեծաւորուհի ընտրեց 71-ամեայ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը: Քոյր Արուսեակ ծնած է 1945-ին, Հալէպ: Ուսումը ստացած է Հալէպի Անարատ յղութեան վարժարանին մէջ: 19 տարեկանին կ՛անդամակցի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան. աւարտելէ ետք 3 տարուան կրօնական կազմաւորումը եւ իր ուխտերը կատարելէ ետք կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու: Միաժամանակ ան կ՛ուսումնասիրէ շրջանի կարելիութիւնները եւ հայկական համայնքին պատրաստուածութիւնը` հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու գծով:
Քոյր Արուսեակի ուսումնասիրութիւններուն լոյսին տակ, միաբանութիւնը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներու առաջին վարժարանը հիմնել եւ, այդպիսով, իր դպրոցներուն ոսկիէշղթան կ՛երկարէ Ամերիկա, ուր կազմաւորուելու սկսած էին արդէն հայկական նոր գաղութներ: 1967-ին քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, քոյրեր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի եւ Վալանթինի հետ, մեծ զոհողութիւններով եւ միացեալ ջանքերով կը հիմնէ Ֆիլատելֆիոյ Հայ քոյրերու վարժարանը` այնտեղ ծառայելով երկար տարիներ:
Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները կը մղեն քոյր Արուսեակը, որուն երազն էր ծառայութիւն մատուցել մայր հայրենիքին մէջ` լքելու ամէն պաշտօն եւ փութալու Հայաստան: Ան կ՛ըլլայ առաջիններէն, որ 1990-ին հրաժարելով Հռոմի միաբանութեան իր փոխանորդի պաշտօնէն` կը մեկնի Հայաստան եւ քոյր Արշակուհիին հետ միասին կը հաստատուի Գիւմրի:
Քոյր Արուսեակ կը յաջողի Անարատ յղութեան հայր քոյրերու միաբանութեան մասնաճիւղ մը հաստատել Գիւմրիի մէջ` հիմնելով «Պօղոսեան» համալիրը: 1996-ին կը կառուցուի «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթական կեդրոն» որբերու տունը, որուն բացումը կը կատարուի 1998-ին:
Այդտեղ կը հիւրընկալուին 65 որբեր, որոնք Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներ էին:
Տարիներու ընթացքին քոյր Արուսեակ կը դառնայ այդ որբերուն մայրը, եւ անոր խնամքով ու բարերարներու օգնութեամբ այդ որբերը կը մեծնան, գործի տէր կը դառնան ու քոյր Արուսեակին ուրախութիւնը կը շնորհեն` զաւակներէ անդին ունենալու նաեւ թոռներ:
13 յունիսի 2015-ին, զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն բարերարութեամբ, քոյր Արուսեակ կը յաջողի Երեւանի մէջ բանալ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»-ը, որուն նպատակն է ծառայել իբրեւ բնակութեան եւ զարգացման վայր Անարատ յղութեան քոյրերու հիմնած` Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ՛ուսանին Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ` մարզերէն Երեւանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու:
13 նոյեմբեր 2015-ին Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստի դպրոցին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի տնօրինութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեան կը պարգեւատրուի «Ֆրանսայի ազգային վաստակներու» շքանշանով` առ ի գնահատում անոր մարդասիրական լայնածաւալ եւ օգտակար գործունէութեան:
Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք Գիւմրիին ու Շիրակի մարզին հետ: Ան ճանչցուած է նաեւ իբրեւ Քոյր Հայաստանի Մայր Թերեզան: