21 Aralık 2016
Իզմիր նահանգի Պասմանէ շրջանի պատմամշակութային հարստութիւնը` Ք.ա. 4-րդ դարով թուագրուող Զմիւռնիոյի ագորան (հին յունական քաղաքներու հրապարակները, ուր տեղի կ՛ունենային ժողովներ), պատմական շուկան, յունական տուները, սինագոգները, հայկական եւ յունական եկեղեցիները մատնուած են անտէրութեան:
Ինչպէս կը յայտնէ ermenihaber.am –ը՝ վկայակորելով թրքական «Evrensel» լրատուական կայքը, Պասմանէ շրջանին մէջ առկայ պատմամշակութային հարստութիւնը աստիճանաբար կ՛անհետանայ:
Այդ հարստութեան մէկ մասը կը կազմէ 1863 թուականին կառուցուած հայկական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին` իրեն կից կառոյցներով` Սուրբ Մեսրոպ արական դպրոցը եւ Սուրբ Հռիփսիմէ օրիորդաց դպրոցը:
Կը նշուի, որ եկեղեցին մինչեւ 1915 թուականը, երբ հայ համայնքը զգալիօրէն նուազեցաւ, եղած է իզմիրցի հայերուն կարեւոր կեդրոններէն մէկը: 1922-ին բռնկած մեծ հրդեհէն փրկուելու համար հայերը պատսպարուած էին Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: