20 Aralık 2016
Թասնիմ` յղում կատարելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան, հաղորդած է, որ 20 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ այս համաձայնութիւնը գոյացած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ անոր իրանցի գործընկերոջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Կը նշուի, որ որոշումը տրուած է Սուրիոյ տարածքին կացութիւններու արագ զարգացման առիթով: