15 Aralık 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կարծիքով` Սուրիոյ շուրջ ռուս-թրքական գործակցութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, քան Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ «երկխօսութիւն յանուն ապագայի» ծրագիրի մասնակիցներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ան «ապարդիւն հաւաքներ» որակած է Սուրիոյ շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ կատարուող բանակցութիւնները: Ըստ անոր, Անգարայի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը «կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ»:
13 դեկտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:
Լաւրով նաեւ մեկնաբանած է Հալէպի կացութիւնը` նշելով, որ Մոսկուայի մէջ յոյս ունին, որ Հալէպի մէջ զինեալները մօտ օրէն պիտի դադրեցնեն դիմադրութիւնը, եւ կացութիւնը պիտի կարգաւորուի: