30 Kasım 2016
75 զոհ արձանագրուեցաւ, երբ 81 անձեր փոխադրող օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Քոլոմպիոյ մէջ: «360 Ռատիօ Քոլոմպիա» կը հաղորդէ, որ օդանաւին ինկած վայրին մէջ գտնուած են վեց վերապրողներ, որոնցմէ մէկն է պրազիլական «Շափեքոյենսէ» ակումբի ֆութպոլիստ Ալեն Ռուշենը: Ան տեղափոխուած է Ռիոնեկրօ շրջանի հիւանդանոցներէն մէկը:
Պոլիվիայէն Մետելյին ուղեւորուող օդանաւը ջախջախուած է Ռիոնեկրոյի մօտ` վառելանիւթի սպառման պատճառով: Օդաչուն Մետելյինի օդակայանին յայտնած է օդանաւին մէջ վառելանիւթի պակասին մասին, օդանաւին առաջնահերթութիւն տրուած է էջք կատարելու, սակայն չէ կրցած հասնիլ նշանակէտ:
Օդանաւին մէջ եղած են 81 մարդիկ, ներառեալ անձնակազմի 9 անդամները, «Շափեքոյենսէ»-ի ֆութպոլիստները եւ անձնակազմը, ինչպէս նաեւ` հաւատարմագրուած լրագրողներ:
Մետելյինի մէջ խումբը պէտք էր մրցէր «Աթլեթիքօ Նասիոնալ» խումբին հետ` Հարաւային Ամերիկայի բաժակի մրցաշարքի եզրափակիչի առաջին խաղի ծիրին մէջ: