23 Kasım 2016
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ կը գրէ, որ 31 դեկտեմբերին պիտի լքէ համանախագահի պաշտօնը` աւելցնելով, որ պիտի դառնայ Ռուսիոյ մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր` «Եկորով, Պուկինսքիյ, Աֆանասեւ եւ գործընկերներ» իրաւաբանական ընկերութեան գործընկերը: «Ինծի համար մեծ պատիւ էր աւելի քան 30 տարի աշխատիլ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ», նշեց ան:
Ընկերութեան կայքին վրայ կը նշուի, որ Ուորլիք իրենց պիտի միանայ յունուար 2017-ին: