15 Kasım 2016
Քրեմլին երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:
Ըստ Քրեմլինի, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին Թրամփին յաջողութիւն մաղթած է ընտրական խոստումներու գործադրութեան համար:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ ինք պատրաստ է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ «հաւասարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած» երկխօսութեան:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յորդորած է այն անձերուն, որոնք կը մերժեն Միացեալ Նահանգներու մէջ 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքը, վերջ տալ երկրին տարածքին կատարուող ցոյցերուն:
Ան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին երկրին մէջ շարունակուող հանրահաւաքները մեկնաբանելու լրագրողի խնդրանքին ի պատասխան նշած է. «Ես ատիկա պիտի ըսեմ ինքնին տեսախցիկին առջեւ` վերջ տուէք ատոր»:
Թրամփ նաեւ խոստովանած է, որ ինք «ցաւի զգացում կ՛ապրի», երբ կը լսէ այդպիսի ցոյցերու մասին:
«Մի՛ վախնաք: Մենք կը պատրաստուինք վերականգնելու մեր երկիրը», ըսած է Թրամփ` դիմելով ցուցարարներուն, որոնք, ըստ անոր, կը վախնան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն սահմանափակումէն:
Ան նաեւ խոստացած է հրաժարիլ նախագահի աշխատավարձէն: «Ես երբեք այս նիւթին շուրջ չեմ խօսած, սակայն պատասխանս «ոչ» է: Կը կարծեմ, ըստ օրէնքի, ես պէտք է տարեկան մէկ տոլար ստանամ, թէեւ իրականութեան մէջ չեմ գիտեր նախագահի աշխատավարձին չափը», ըսած է Թրամփ:
Երբ լրագրողը յիշեցուցած է, որ խօսքը կը վերաբերի տարեկան 400.000 տոլարի, Թրամփ անգամ մը եւս հաստատած է, որ կը հրաժարի աշխատավարձէն:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն խոստացած էր նախագահ ընտրուելու պարագային հրաժարիլ նախագահի աշխատավարձէն:
Ըստ հեղինակաւոր «Ֆորպզ» պարբերաթերթի նորագոյն տուեալներուն, Թրամփի հարստութիւնը կը գնահատուի 3,7 միլիառ տոլարով:
Թրամփ յայտարարած է, որ մտադիր է գաղտնի պահել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի իր ծրագիրը: Ան նշած է, որ Իրաքի Մուսուլ քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւնը «ծանր կ՛ընթանայ», որովհետեւ Սպիտակ տունը ատոր մասին տեղեկութիւնը նախօրօք հրապարակած էր: