14 Kasım 2016
Թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը անդրադարձած է Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ սպասուելիք պատրիարքի ընտրութիւններուն, կը գրէ «Թերթ․ամ»-ը:
Պարբերականին հարցազրոյց տուած եկեղեցական խորհուրդի նախագահ, Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան նշած է, որ մօտ ապագային եկեղեցական խորհուրդի կողմէ լիազօրուած չորս անդամները ընտրութիւններու իրականացման վերաբերեալ որոշումը անձամբ պիտի ներկայացնեն Պոլսոյ նահանգապետարան, որմէ ետք համայնքը պիտի սպասէ ընտրութեան ամսաթիւի յստակեցման:
Մաշալեան նաեւ յստակեցուցած է, որ իրենք ոչ թէ պետութենէն թոյլտուութեան կը սպասեն ընտրութիւններու իրականացման համար, այլ` իշխանութիւններու կողմէ օրէնքով սահմանուած կարգով ընտրութեան ընթացք տալուն:
«Կ՛ուզեմ յստակութիւն մտցնել. մենք պետութենէն պատրիարքի ընտրութեան համար թոյլտւութիւն չենք խնդրեր: Սա կրօնական հարց է: Ատիկա կառավարութեան գործունէութեան ծիրէն ներս դուրս է: Մենք կը դիմենք օրէնքով սահմանուած կարգով ընտրութեան ընթացք տալու համար: Եւ նման պարագայի համապատասխան մարմինէն կը ստանանք ընտրութեան ժամկէտը յստակեցնող գրաւոր թոյլտւութիւն»,- պարզաբանած է Մաշալեան:
Թուրքիոյ հայ համայնքի` պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը ղեկավարող նախաձեռնող խորհուրդի փաստաբան Սեդրակ Դաւութհան նշած է, որ 8 տարի շարունակ մահաքուի մէջ գտնուող պատրիարք Մութաֆեանին պաշտօնանկ ընելու որոշումը եկեղեցական կանոններէ մեկնած կատարուածը ձեւական ընթացակարգ է միայն:
«Որքան ալ որ պատրիարքի ընտրութիւնը կրօնական ընտրութիւն համարուի` անիկա կը կատարուի աշխարհիկ ընթացակարգով: Ասյտեղ խօսքը ժողովուրդի վստահութեան քուէի մասին է», – ըսած է Դաւութհանը` նշելով, որ պատրիարք Մութաֆեանի` պաշտօնապէս թոշակի անցնելու որոշումը աւելի շատ ձեւական գործընթաց է եւ կապ ունի եկեղեցական ծիսակարգերու հետ:
«Ատոր կարիքն ալ չկար, «տէ ֆաքթօ» այդ տեղը դատարկ է: Հոգեւորականները ամէն ինչ եկեղեցական օրէնքներուն կը կապեն: Եթէ ատիկա ընդունելի համարենք, ապա այսպիսի հարց կ՛առաջանայ. պատրիարքը արդէն թոշակառու է, պատրիարքի փոխանորդի կարգավիճակն ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պաշտօնանկ եղած պատրիարքը փոխանորդ կարնա՞յ ունենալ: Օրինական չէ»,- յայտարարած է փաստաբանը:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 26-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարած է ներկայիս պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին պաշտօնանկ ընելու որոշման մասին: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է պատրիարքարանի պաշտօնական էջին վրայ:
Պատրիարք Մութաֆեան մահաքունի մէջ կը գտնուի 2008-էն եւ փաստացի չի գործեր իբրեւ պատրիարք: Անոր փոխարէն այդ լիազօրութիւնները կը կատարէ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, որ ընտրուած է ոչ թէ համայնքի, այլ պետութեան կողմէ: