12 Kasım 2016
«Կազեթա.ռու» կը գրէ, որ Քալիֆորնիոյ բնակիչները Միացեալ Նահանգներու կազմէն նահանգի դուրս գալուն մասին հանրաքուէի կազմակերպման վերաբերեալ նախաձեռնութեան սկսած են:
«Քալէքզիթ»-ի (Քալիֆորնիա եւ էքզիթ (ելք) բառերէն կազմուած արշաւին ձեռնարկած է «Եսքալիֆորնիա» (Այո՛ Քալիֆորնիա) կայքը:
Նախաձեռնողներուն համաձայն, հանրաքուէն նախատեսուած է 2019-ի գարնան:
Կը նշուի, որ այս գաղափարը շատոնց ծագած է, սակայն տարածում գտած է Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելէն ետք: