03 Kasım 2016
Հալէպի մէջ զինեալները կը տարածեն թռուցիկներ, որոնց ճամբով խաղաղ բնակիչներէն 300-ական տոլար կը պահանջեն` իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող մարդասիրական միջանցքներուն ճամբով արեւելեան Հալէպը լքելու կարելիութեան համար:
«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ թռուցիկները տարածուած են Ժէյշ Ֆաթհի գերագոյն զինուորական խորհուրդին կողմէ:
«Մեր ղեկավարութիւնը կը գիտակցի կառավարական բանակին կողմէ Հալէպի թաղամասերու շրջափակման եւ ռմբակոծումներու պատճառով խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներուն չափը: Մեր եղբայրներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, մենք մինչեւ 14 տարեկան եւ 55-էն մեծ բնակիչներուն արտօնութիւն պիտի տանք լքել քաղաքը, պայմանով որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը վճարէ 150 հազար սուրիական լիրայի(300 տոլար) չափով գումար», կը նշուի թռուցիկներուն մէջ: