29 Ekim 2016
Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսքի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին` Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Լուրը կը փոխանցեն կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ընդգծելով այն հանգամանքը, որ երկու երկիրները նախ եւ առաջ իրարու կապուած են դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւններով` վարչապետներ Կարէն Կարապետեանն ու Տմիթրի Մետվետեւը կարեւոր նկատած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը` նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներգրաւուածութիւնը նոր կարելիութիւններու եւ հեռանկարներու դուռ կը բանայ:
Կարապետեան Մասնակցած Է ԱՊՀ Կառավարութիւններու
Ղեկավարներու Խորհուրդի Նիստին
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ 28 հոկտեմբերին ընդունած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի եւ ԱՊՀ կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստերուն մասնակից երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Նախագահ Լուքաշենքօ իր խօսքին մէջ նշած է, որ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կազմակերպութիւնն ու Եւրասիական տնտեսական միութիւնը լաւ հարթակներ են անդամ պետութիւններուն միջեւ երկխօսութեան կայացման, ինչպէս նաեւ` համարկման հոլովոյթներու յառաջընթացին համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան օրակարգերու վրայ եղող հարցեր:
Պիելոռուսիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսքի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստերուն: Քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած են շարք մը նախագիծեր: Խորհուրդը համաձայնութիւն տուած է ԱՊՀ մարմիններու 2017-ի միասնական պիւտճէին եւ 2015-ի միասնական պիւտճէի կատարողականի նախագիծերուն, ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր:
Միեւնոյն ատեն խորհուրդը որոշում տուած է ԱՊՀ կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել Ռուսիոյ մէջ:
Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի եւ ԱՊՀ-ի կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստերէն ետք վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարճ ճեպազրոյց ունեցած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նշած է, որ բանակցութիւններն ու քննարկումները բաւական հետաքրքրական էին, եւ այս հարթակները յարմար են` յետխորհրդային երկիրներուն մէջ թէ՛ շուկայի, թէ՛ հետաքրքրութիւններու առումով առկայ հարցերը քննարկելու համար:
«Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ժամանակ քննարկումները բուռն էին եւ առարկայական, որովհետեւ Մաքսային օրէնսգիրքին կը վերաբերէին: Քանի որ կային չլուծուած հարցեր, պայմանաւորուած ենք 15 նոյեմբերին կրկին հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ», դիտել տուած է Կարէն Կարապետեան: