19 Ekim 2016
Հոկտեմբեր 20-ին, ժամը 10:40-ին պիտի մեկնարկէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, որ Հոկտեմբեր 20-22 տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ (Սփիւռքի նախարարութիւն, 9-րդ յարկ Վ. Սարգսեան 3), իսկ 23-24`Ստեփանակերտի մէջ:
Համաժողովը կազմակերպած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան հետ համատեղ:
Համաժողովին պիտի մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ:
Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը կը նուիրուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Պիտի ընթերցուի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի օրհնութեան խօսքը:
Համաժողովը ուղիղ պիտի հեռարձակուի համացանցով, պիտի ըլլայ ինտերակտիւ․ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ լրագրողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու համաժողովի աշխատանքներուն համացանցի միջոցով, հարցեր տալ, առաջարկութիւններ ընել, ելոյթներ ունենալ:
Համաժողովի նպատակը համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումն է, լրատուական ներուժի համախմբումը եւ արդիւնաւէտ կիրառումը Հայաստանի զարգացման, ՀՀ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, Սփիւռքի հայապահպանութեան, համահայակական հիմնախնդիրներու լուծման գործընթացին:
Պիտի քննարկուին` ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւման, ճգնաժամային պայմաններու մէջ համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերու ու լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, հեռուստատեսութեան, ռատիոյի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները, տեղեկատուական անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ եւ այլ հարցեր:
Համաժողովի մասնակիցները հանդիպումներ պիտի ունենան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Հնարաւորութիւն պիտի ունենան ըլլալու առաջին գիծի վրայ, տեսնելու զինուորներու առօրեան, շփուելու անոնց հետ, հարցազրոյցներ իրականացնելու: