13 Ekim 2016
Հայաստանի մէջ տասը երեխաներէն մէկը (10 տոկոս) թերաճ է, իսկ երեխաներուն 4 տոկոսը՝ շատ թերաճ: Այս տուեալները, ըստ Panorama.am-ի, ներառուած են «Ժողովրդագրութեան եւ առողջութեան հարցերի հետազօտութիւն 2015-16» հիմնական ցուցանիշներու զեկոյցին մէջ, զոր քանի մը օր առաջ հրապարակած էր Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Տարիքային խումբերու թերաճութեան համաձայն կատարուած վերլուծումը ցոյց տուած է, որ թերաճութեան մեծագոյն բաժինը (17 տոկոս) 6-8 ամսական երեխաներուն մօտ է, իսկ ամէնէն փոքրը (5 տոկոս)՝ 24-35 ամսականներուն մօտ: 6-8 ամսական երեխաները կը կազմեն մեծագոյն մասնաբաժինը (15 տոկոս) նաեւ խիստ թերաճութեան ցուցանիշներուն մէջ:
Թերաճութեան մակարդակը շատ աւելի բարձր է (11 տոկոս) տղոց մօտ, քան աղջիկներուն մօտ (8 տոկոս), գիւղական շրջաններուն մէջ եւս անիկա աւելի բարձր է (13 տոկոս), քան քաղաքներուն (6 տոկոս):
Ըստ մարզերուն՝ թերաճութիւնը կը տատանի սկսեալ Երեւանի երեխաներու 4 տոկոսէն մինչ Արագածոտնի երեխաներու 18 եւ Շիրակի երեխաներու 20 տոկոսը:
Ըստ զեկուցումին՝ միջնակարգ կրթութիւն եւ աւելի բարձր կրթական մակարդակ ունեցող մայրերուն երեխաները աւելի քիչ հակում ունին թերաճ ըլլալու (7-8 տոկոս)՝ բաղդատած հիմնական կրթութիւն ունեցող մայրերու երեխաներուն (17 տոկոս): Թերաճութեան մակարդակը կը նուազի բարեկեցութեան աճին զուգընթաց:
Նաեւ Հայաստանի երեխաներուն 4 տոկոսը թերսնուած է, իսկ 2 տոկոսը՝ խիստ թերսնուած:
Թերսնուածութեան բարձրագոյն մակարդակը մինչեւ 6 ամսական եւ 36-47 ամսական երեխաներուն մօտ է (իւրաքանչիւրը 6ական տոկոս): Ըստ մարզերուն՝ թերսնուածութիւնը կը տատանի սկսած Տաւուշի 0 տոկոսէն մինչ Արագածոտնի 23 տոկոսը: Թերսնուածութիւնը հիմնականին մէջ չի տատանիր ըստ բնակութեան վայրին եւ մօտ կրթութեան, հակառակ անոր որ միջին մասնագիտական կրթութիւն ունեցող մայրերուն երեխաները ամէնէն նուազ հակում ունին թերսնուածութեան՝ համեմատած կրթական այլ մակարդակներ ունեցող մայրերու երեխաներուն հետ:
Թերսնուածութեան մակարդակը կը նուազի բարեկեցութեան աճին զուգընթաց՝ կազմելով 6 տոկոս բարեկեցութեան ամենացածր աստիճանի պարագային եւ 2-3 տոկոս՝ բարձրագոյնին:
Միւս կողմէ, Հայաստանի երեխաներուն 3 տոկոսը բնականէն աւելի գէր է, իսկ 1 տոկոսը՝ շատ գէր: Ծանրութեան բարձրագոյն մակարդակները մինչ 9 ամսական երեխաներուն մօտ են: Ըստ մարզերուն՝ գէրութիւնը կը տատանի սկսեալ Գեղարքունիքի եւ Լոռիի 0 տոկոսէն մինչ Արագածոտնի 14 տոկոսը:
Այս պարագային յաւելեալ ծանրութիւն ունեցող երեխաներուն տոկոսային համեմատութիւնը կապ չունի սեռի, բնակութեան վայրի կամ մօր կրթական մակարդակին հետ: Բարեկեցութեան ամէնէն ցած մակարդակի վրայ ապրողներուն մօտ արձանագրուած է գէրութեան բարձրագոյն մակարդակը (5 տոկոս)՝ համեմատած աւելի հարուստ տնային տնտեսութիւններու երեխաներուն 2-3 տոկոսին հետ։
Մինչեւ 5 տարեկան երեխաներուն 14 տոկոսը բնականէն աւելի ծանր է։ Այս կը նշանակէ, որ ծանրութիւնը շատ աւելի մեծ խնդիր է Հայաստանի երեխաներուն մօտ, քան՝ նիհարութիւնը: Ծանրութեան մակարդակը տղաներու պարագային աւելի բարձր է (15 տոկոս), քան աղջիկներուն մօտ (13 տոկոս), անիկա բարձր է նաեւ գիւղական բնակավայրերուն մէջ (16 տոկոս)՝ քաղաքայինին հետ համեմատած (12 տոկոս):
Արարատի մէջ բնակող երեխաները աւելի հակուած են ծանր ըլլալու (36 տոկոս), քան միւս մարզերու երեխաները (5-19 տոկոս): Հիմնական կրթական մակարդակ ունեցող մայրերուն երեխաները (24 տոկոս)՝ համեմատած միջնակարգ, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող մայրերու երեխաներուն հետ (համապատասխանաբար 14, 14 եւ 11 տոկոս), նոյնպէս աւելի հակուած են գէր ըլլալու։ Բնականէն աւելի ծանր երեխաներուն համեմատութիւնը վստահաբար կը նուազի բարեկեցութեան աճին զուգընթաց: