Թուրքիոյ Մէջ 1.5 Ամսուն Ընթացքին Սպաննուած է 417 Քիւրտ Զինեալ, 88 Թուրք Զինուոր - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

11 Ekim 2016  

Թուրքիոյ Մէջ 1.5 Ամսուն Ընթացքին Սպաննուած է 417 Քիւրտ Զինեալ, 88 Թուրք Զինուոր -

Թուրքիոյ Մէջ 1.5 Ամսուն Ընթացքին Սպաննուած է 417 Քիւրտ Զինեալ, 88 Թուրք Զինուոր Թուրքիոյ Մէջ 1.5 Ամսուն Ընթացքին Սպաննուած է 417 Քիւրտ Զինեալ, 88 Թուրք Զինուոր

Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը (ԶՈՒ ԳՇ) վիճակագրական տուեալներ հրապարակած է երկրի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ: Վկայակոչելով թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւնները՝ Ermenihaber.amկը նշէ, թէ ԶՈՒ ԳՇ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Թուրքիոյ զինուած ուժերն ու անվտանգութեան ծառայութիւնները վերջին ամիսներուն ամենահամառ ու վճռական պայքար մղած են «անջատողական ահաբեկչական խմբաւորումներ»ուն դէմ:

Ըստ աղբիւրին` Օգոստոս 29-էն մինչ օրս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ, Թուրքիոյ մէջ վնասազերծուած է 537 քիւրտ զինեալ: Անոնցմէ 417-ը զոհուած են զինուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներն ու անվտանգութեան ծառայութիւնները առգրաւած են Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկիչ որակուող քիւրտ զինեալներուն պատկանող մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք:

Նոյն ժամանակահատուածին՝ զինուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ սպաննուած է 88, վիրաւորուած 152 զինուոր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+