05 Ekim 2016
Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած է յարգել Լոզանի դաշնագիրն ու անոր կէտերը:
Օրաթերթին փոխանցումով` Լոզանի մասին Էրտողանի աղմկայարոյց խօսքը խիստ քննադատութեան արժանացած է Յունաստանի մէջ, յունական մամուլը զայն անուանած է վտանգաւոր եւ գրգռիչ:
Ըստ շարք մը յոյն քաղաքական գործիչներու, Էրտողան իր խօսքին մէջ ակնյայտ յաւակնութիւններ կը ներկայացնէ յունական կղզիներուն նկատմամբ:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Որքան ալ ատիկա ձեզի ցաւալի թուի, միեւնոյնն է` պէտք է յարգեն Լոզանի դաշնագիրին կէտերը, պէտք է յարգեն բոլորը` ներառեալ Անգարան»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան օրեր առաջ իր արտասանած խօսքին մէջ քննադատած էր Լոզանի դաշնագիրը կնքած թուրք դիւանագէտները եւ յայտարարած, որ տարիներ շարունակ իբրեւ յաղթանակ ներկայացուող Լոզանի դաշնագիրը իրականութեան մէջ Թուրքիոյ համար կորուստ էր:
Էրտողան նաեւ նշած էր. «Եգէական ծովու կղզիները Լոզանի ժամանակ տուինք, ատիկա յաղթանա՞կ է: Ատկէ յառաջացած խնդիրներն ալ այսօր մենք կը կրենք մեր ուսերուն»: