Թուրքիոյ 81 Նահանգներու Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Է 12801 Ոստիկան - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

05 Ekim 2016  

Թուրքիոյ 81 Նահանգներու Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Է 12801 Ոստիկան -

Թուրքիոյ 81 Նահանգներու Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Է 12801 Ոստիկան Թուրքիոյ 81 Նահանգներու Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Է 12801 Ոստիկան

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը Թուրքիոյ վերաբերեալ հրապարակած իր նոր զեկուցումին մէջ անդրադարձած է թրքական մամուլին անհանդուրժողական եւ ազգայնական ձեւակերպումներուն, որոնք, ըստ յանձնախումբին, կտրուկ կերպով աճած են վերջին մէկ տարուան ընթացքին եւ յատկապէս յեղաշրջումի փորձէն ետք:

Յանձնախումբի զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ խիստ ազգայնական ձեւակերպումներ կը նկատուին նաեւ տարբեր թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, քաղաքական գործիչներու, նոյնիսկ նախագահին արտասանած խօսքերուն մէջ:

Զեկուցումը նաեւ անդրադարձած է այն փաստին, որ Թուրքիոյ մէջ շուրջ մէկ միլիոն քիւրտ քաղաքացիներ տակաւին կը մնան առանց բնակութեան մնայուն վայրի: Վերջիններս իրենց շրջաններուն մէջ թրքական զինեալ ուժերու գործողութիւններէն ետք տակաւին չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները:

Զեկուցումին մէջ յիշատակուած են նաեւ ալեւիները: Յանձնախումբի անդամները ուշադրութիւն հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ Թուրքիոյ մէջ փաստացի իրենք զիրենք իսլամ չնկատող ալեւի ընտանիքներու երեխաները դպրոցներուն մէջ կը ներգրաւուին սիւննի-իսլամական հիմքերու վրայ դասաւանդուող կրօնի դասերուն:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր Թիւրք» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին հրամանով անձնակազմի զտումներ կատարուած են Թուրքիոյ անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ:

Իրականացուած գործողութեան ընթացքին Թուրքիոյ 81 նահանգներուն մէջ աշխատանքէն հեռացուած են շուրջ 12801 ոստիկաններ, որոնցմէ 2523-ը` սպայ:

Աշխատանքէ հեռացուած ոստիկանները մեղադրուած են 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ նկատուած թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի խմբաւորման հետ կապեր ունենալու յանցանքով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+